
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ կատարուած յանձնախմբային պատասխանատուութեանց փոփոխութիւններուն ծիրէն ներս, Փօլ Գրիգորեան նշանակուած է քաղաքի Ամավարկի եւ ելեւմուտքի յանձնախումբի ատենապետ՝ փոխարինելով քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Պեռնար Փարքսին, որ այդ պաշտօնը վարած էր վերջին 8 տարիներուն:
Այս պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելով՝ Փօլ Գրիգորեան յայտարարած է, թէ իր կարելին պիտի ընէ քաղաքին ամավարկի հաւասարակշռութիւնը պահպանելու, միաժամանակ քաղաքացիներուն տրամադրելու առաւելագոյն սպասարկութիւնները: Ան նաեւ դրուատած է Պեռնար Փարքսի աշխատանքը՝ միաժամանակ յիշեցնելով, թէ ինք եւս հպարտ է քաղաքապետութեան Կրթական եւ թաղամասերու յանձնախումբին մէջ իր ատենապետութեան շրջանի իրագործումներով: Ան խոստացած է նեցուկ կանգնիլ նաեւ այդ յանձնախումբին, հակառակ այն իրողութեան, որ ինք այսուհետեւ պիտի չըլլայ անոր ատենապետը:
Փօլ Գրիգորեան քաղաքապետական խորհուրդին մէջ կը ներկայացնէ քաղաքի երկրորդ ընտրատարածքը, որուն մէջ կ՛իյնան Սան Ֆերնանտօ հովիտի արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մեծ մասը: