
ԹԻՖԼԻՍ.– Թիֆլիսի «Հայարտուն» մշակոյթի կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ Փետրուար 11ին կայացաւ «Օտարալեզու, բայց ոչ օտար հայ ստեղծագործողներ» անունով գրական երեկոն, որուն նախաձեռնած էին Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութիւնն ու «Կամուրջ» գրական մշակութային կազմակերպութիւնը՝ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ:
Հայ ընթերցասէր հասարակութեան ներկայացան օտարալեզու ստեղծագործողներ Արտեմ Գրիգորենց (Կիրակոզով), Վալերի Յունանեանց, Կարրի Ղալամքարով, քանի մը գիրքերու հեղինակներ Միքայէլ Անանով, Մարինա Կիրակոսեան-Մոսեսովա, որոնց գործերը շատոնց դուրս եկած են Վրաստանի սահմաններէն ու կը վայելեն ինչպէս վիրահայ, այնպէս ալ մայր հայրենիքի ու անոր սահմաններէն դուրս գտնուող ընթերցողներուն հետաքրքութիւնը:
Ներկայ էին Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան, Վրաստանի նախագահի խորհրդական, «Վրաստան» թերթի խմբագիր Վան Պայպուրթեան, Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ Ժորա Սնխչեան, «Կամուրջ» գրական մշակութային տարեգիրքի խմբագիր Անահիտ Պոսթանճեան, նկարիչ Ճիովաննի Վեփխուածէ, վիրահայ ստեղծագործողներ եւ մտաւորականներ։
Բանաստեղծ-թարգմանիչ Անահիտ Պոսթանճեանի ներկայացումով, օտար լեզուով ստեղծագործող մեր հայրենակիցները խօսեցան հայկական նիւթով գրելու այն ճակատագրական առիթներուն մասին, որոնք հետագային դարձած են հայ մարդը իսկական հայու կերպարով կերտելու, Կոմիտասի հոգիի ցաւն ու վիշտը արտայայտելու, արցախեան շարժումով հպարտանալու եւ Շուշիի յաղթանակը գովերգելու, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան հաստատման 1700ամեակին նուիրուած ձօն գրելու հոգիի պահանջ:
Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ Ժորա Սնխչեան կոչ ուղղեց անոնց, յաղթահարելով անյաղթահարելին՝ ձգտելու մեսրոպատառ հայերէնով ստեղծագործելու:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան, օրհնութեան խօսք ուղղելով օտարալեզու հայ ստեղծագործողներուն՝ ոգեշնչեց մեր մեծերուն պատմութիւնը, անոնց ստեղծած գրականութիւնը դարձնելու նաեւ նոր սերունդի սեփականութիւնը։ Ան հաստատեց, որ նման հանդիպումները, անշուշտ, պիտի նպաստեն հայօրէն կրթելու ու հայեցի դաստիարակութիւն փոխանցելու ազգանուէր գործին:
Հանդիպման ընթացքին հնչեցին հատուածներ օտարալեզու հայ գրողներու ստեղծագործութիւններէն: Երեկոն ճոխացած էր երաժշտական կատարումներով: