ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան գնահատանքի եւ մեծարման երեկոն տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Յունուար 31ին, Իրանահայ միութեան դահլիճին մէջ. երեկոյի ընթացքին գնահատանքի եւ մեծարման արժանացան սոյն հաստատութեան կրթական կազմի վաստակաշատ նուիրեալները, գաղութիս մէջ բեղուն կրթական գործունէութիւն ծաւալող հաստատութիւնները, Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական գործունէութեան սատար հանդիսացող եւ հովանաւորող անհատներն ու կազմակերպութիւնները:
Գնահատելով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ձուլման վտանգին դէմ ծաւալուած գործունէութիւնը՝ յանձինս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ մանուկներու եւ երիտասարդներու Հայրենիքի հետ կապի ամրապնդման ու հայեցի դաստիարակութեան ուղղութեամբ անոնց կողմէ տարուող հսկայական աշխատանքները՝ Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան վարչութեան որոշումով, սփիւռքի նախարարութիւնը մեծարուեցաւ իբրեւ «Տարուան կազմակերպութիւն»ը:
Նաեւ, նկատի առնելով դոկտ. Քաթրին Ֆունտուքեան-Թորոսեանի մանակավարժական բեղուն գործունէութիւնը եւ կրթական երկարամեայ վաստակը Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանին մէջ (Glendale Unified School District), վարչութեան որոշումով ան մեծարուեցաւ իբրեւ «Տարուան կրթական գործի»չը:
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան ներկայ գտնուեցաւ ձեռնարկին եւ իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Այս հաստատութիւնը ինքզինք արդարացուցած է երեք տասնամեակներու հրաշալի ծառայութեամբ՝ սերունդներու հոգիներուն մէջ ներարկելով հայկականութեան շունչը»: