
ՄՈՆԹՐՈԶ.- Կազմակերպութեամբ Քրեսենթա հովիտի Համայնքային եւ երիտասարդական կեդրոնի համայնքային յարաբերութեանց յանձնախումբին, Հինգշաբթի, Փետրուար 16ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, պատանիներուն եւ երիտասարդներու դիմագրաւած վտանգները բացայայտելու եւ անոնց հակադարձելու կարելիութեանց շուրջ քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ Քրեսենթա հովիտի երիտասարդական կեդրոնին մէջ (2633 Honolulu Avenue, Montrose, CA 91020): Քննարկումին պիտի մասնակցին Ղեւոնդ քհնյ. Քիզարեան, հոգեբոյժ Նորա Շիթիլեան ու տնօրէն Արմինէ Ալեքսան Փափազեան:
Մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել cvarmeniancenter@gmail.com հասցէին, (818) 527-6361 թիւին, կամ այցելել www.cvarmeniancenter.com կայքը: