ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ՖԻՖԱն հրապարակած է ազգային հաւաքականներու վարկանշային նոր աղիւսակը: Նախորդ ամիսներուն համեմատ՝ Հայաստանի հաւաքականը բարձրացած է 4 հորիզոնականով եւ այժմ կը գրաւէ 41րդ դիրքը: Ասիկա Հայաստանի հաւաքականին համար մրցանիշ է իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին:
Առաջին դիրքը, ինչպէս նախկին աղիւսակի պարագային, գրաւած է Սպանիան, որուն կը յաջորդեն Գերմանիան եւ Հոլանտան: