ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգի անցնելու հարցին շուրջ Փետրուար 15ին կայացած խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, թէ Հայաստանի մէջ գործող մեծամասնական ընտրակարգը հակաժողովրդավարական է:
Ան իր խօսքին մէջ քննադատեց բոլոր անոնք, որոնք կ՛ըսեն, թէ նախաձեռնութիւնը ժամանակավրէպ է: Ըստ Ռուստամեանի, ՀՅԴն եւ «Ժառանգութիւն»ը մնայուն կերպով պիտի առաջադրեն այս հարցը։ Որդեգրուած ընտրակարգին հակաժողովրդավար ըլլալու մասին խօսելով՝ Ռուստամեան յայտնեց, որ անկախ Հայաստանի բոլոր խորհրդարաններուն մէջ մեծամասնական ընտրակարգը խոչընդոտած է ժողովուրդին կամքի արտայայտման, երբ Ազգային ժողովին մէջ ժողովուրդին քուէն ստացած ընդդիմադիր ուժերը կը ներկայացուէին շատ տկար եւ աննշան կերպով:
Ըստ Ռուստամեանի, մեծամասնական ընտրակարգը միշտ ծառայած է իշխանութեան վերարտադրման, ընդդիմութեան դուրս մղման: ՀՅԴ պատգամաւորը առաջարկեց գոնէ ազնիւ ըլլալ եւ աճուրդի հանել մեծամասնական ընտրատարածքները:
Միւս գլխաւոր զեկուցողը՝ Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Ռուբէն Յակոբեան նշեց, որ գաղտնիք չէ, թէ հիմնական ընտրակեղծիքները կը կատարուին մեծամասնականի մէջ: «Պարզ գործարք կայ մեծամասնականով ԱԺ անցնող թեկնածուների եւ իշխանութեան միջեւ: Իշխանութիւնը աչքը փակում է կեղծիքների, խախտումների վրայ, իսկ մեծամասնականով ընտրուած պատգամաւորը ձայներ է բերում իշխանութեան համար», նշեց Յակոբեան՝ աւելցնելով, որ մեծամասնականի պայմաններուն մէջ կը ձեւաւորուի ապաքաղաքական մարմին: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ 41 մեծամասնական պատգամաւորներուն կէսէն աւելին ամիսներով Ազգային ժողով է եկած:
ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան խօսեցաւ այս իմաստով փորձառութեան մասին այլ երկիրներու, որոնք եղած են խորհրդարանական համակարգերուն անցնող առաջին պետութիւնները, ինչպէս՝ Անգլիան, Ֆրանսան եւ այլն, որոնց մօտ ընտրակարգը մեծամասնական էր: «Բայց մարդկութիւնը զարգանում է եւ յետոյ հետագայում բոլոր եւրոպական երկրներն էլ ընդունել են համամասնական ընտրակարգը, որովհետեւ զարգացումն է դրան տանում: Հայաստանը, չգիտես ինչու, իր տենդենցները (գործունէութեան ուղղութիւններու ճշդումը-Խմբ.) սկսում է Սովետական միութիւնից», ըսաւ ան:
Իր հերթին, Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան նշեց, թէ յանցաւորները քաղաքական ուժերն են, որոնք հզօր դէմքեր չեն ներկայացներ, յետոյ կը դժգոհին մեծամասնական ընտրակարգէն: Ըստ նախարարին, դժուար է յիշել հարց մը, որ ընտրական օրէնսգիրքին չափ շատ քննարկուած ըլլայ՝ աւելցնելով, որ ամէնէն շատ քննարկուածը ընտրակարգերու հարցն է:
Հրայր Թովմասեան նշեց, որ համամասնական ընտրակարգը աւելի մեծ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ: «1947-93 թուականներին Իտալիայի խորհրդարանը ձեւաւորւում էր համամասնական ընտրակարգով, եւ ամէն տարին մէկ Իտալիան կառավարութիւն էր փոխում: 1992ին ընտրակարգը փոխուեց, եւ առ այսօր չորս կառավարութիւն է փոխուել», նշեց նախարարը:
Խօսելով մեծամասնական ընտրակարգին մասին՝ Հրայր Թովմասեան նկատել տուաւ, որ մեծամասնականէն կը բողոքեն այն ուժերը, որոնք չեն կրնար յաղթել. «Մի գուցէ մեղաւորը քաղաքական ուժերն են, որ տեղական հզօր դէմքեր պիտի ունենան, որ կարողանան յաղթել»: Իբրեւ օրինակ նախարարը բերաւ Միացեալ Նահանգներն ու Մեծ Բրիտանիան, ուր կը գործէ 100 տոկոսանոց մեծամասնական ընտրակարգ:
«Գոյութիւն չունի լաւագոյն մոտել: Ամէն մոտելը կիրառելի է տուեալ երկրում», իր հերթին նշեց լիովին համամասնական ընտրակարգին անցնելու նախաձեռնութեան այլ ընդդիմախօս մը, հանրապետական պատգամաւոր Դաւիթ Յարութիւնեան: Վերջինիս կարծիքով, լիովին համամասնական ընտրակարգի պարագային՝ ընտրողը չ՛ունենար պատգամաւոր մը, որուն կրնայ դիմել անձնապէս: Ըստ Յարութիւնեանի, համամասնականը պիտի խթանէ կուսակցական վերնախաւի հեղինակութիւնը, համամասնական ընտրակարգին կարելի է անցնիլ միայն, երբ Հայաստանի մէջ ըլլայ ներկուսակցական ժողովրդավարութիւն:
Հայ Ազգային Կոնգրեսի կեդրոնական գրասենեակի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան Հայաստանի այսօրուան իրավիճակին պատճառը նկատեց երկրին մէջ ստեղծուած քրէաօլիկարխիկ (քրէական-սակաւապետական Խմբ.) համակարգը: Ըստ անոր, արատաւոր ընտրական համակարգին պատճառով վտանգուած է ժողովուրդին ապագան, իշխանութիւնը այսօր կ՛ընկալուի իբրեւ բռնազաւթիչներու խումբ: «Մեծամասնականը դարձել է քրէական յանցագործութիւնների բոյն: Մեծամասնական համակարգի վերացումը կը ջախջախի ընտրական կոռուպցիայի ամենալուրջ օղակը», նշեց Զուրաբեան եւ դիմելով իշխանութիւններուն՝ ըսաւ. «Այսօր բացառիկ շանս ունենք գնալու համաձայնութեան ճանապարհով, մի տարէք երկիրը առճակատման: Ճիշդ որոշում ընդունէք, քանի դեռ ունէք այդ հնարաւորութիւնը»: