
ԵՐԵՒԱՆ.- ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Իրլանտայի արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարար Էյմոն Կիլմոր կը ծրագրէ Ապրիլի սկիզբը Հարաւային Կովկաս այցելել։ Ներկայիս աշխատանք կը տարուի այցելութեան յստակ թուականը ճշդելու համար։ «Մետիամաքս» լրատու գործակալութեան հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին Կիլմոր յայտարարած է, թէ Իրլանտան ԵԱՀԿի մէջ իր նախագահութեան ընթացքին, երկարատեւ հակամարտութիւններու կարգաւորման ուղղուած իր ջանքերուն մէջ հանդէս պիտի գայ անկողմնակալ միջնորդի դերով։
«Մեր միակ շահը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումն է, ինչ որ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն կարելիութիւն պիտի տայ կարգաւորելու իրենց կեանքը։ Մենք Իրլանտայի մէջ քաջ կը գիտակցինք հակամարտութիւններու կործանարար գինը։ Մենք գիտենք նաեւ, թէ որքա՛ն բարդ է այդպիսի խնդիրներու լուծումը», ըսած է ան։
«Իբրեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահ՝ ես կարելիս պիտի ընեմ գոյութիւն ունեցող ձեւաչափերու ծիրին մէջ խաղաղ լուծման աջակցելու համար», ըսած է ան։