ՏԱՒՈՒՇ.– Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու արձակազէնը Փետրուար 23ին սպաննած է Հայաստանի զինուորական ծառայող Ալբերտ Ադիբեկեանը: Դէպքը տեղի ունեցած է Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղի մարտական կեդրոններէն մէկուն մէջ, երբ զինուորը իր ընթացիկ պարտականութեան վրայ էր։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան այս մասին ըսած է, թէ արձակազէնի կատարած ոճիրը իր պատասխանը պիտի ստանայ։ »Ատրպէյճանի Զինուած ուժերի հրամանատարական կազմը ստիպուած է լինելու պատասխանատուութիւն ստանձնել իր գործողութիւնների համար«, ըսած է ան: