ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թէեւ Թուրքիոյ պետական բոլոր այրերը սովորաբար կը ժխտեն Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, սակայն յատկապէս մէկ նախարարի պարագային՝ Ցեղասպանութեան ժխտումը դարձած է անոր հիմնական զբաղմունքը: Զարմանալիօրէն, Էկեմեն Պաղըշ, ըլլալով Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար՝ աւելի շատ վնաս հասցուցած է Թուրքիոյ ԵՄ անդամակցութեան հեռանկարներուն, քան Թուրքիոյ որեւէ այլ հակառակորդ:
Թէեւ Պաղըշ երկու տարիէ ի վեր, նախարարի պաշտօնի վրայ նշանակուելէն սկսեալ, միշտ հանդէս կու գայ անհեթեթ յայտարարութիւններով, Ցիւրիխի մէջ անոր վերջին կոպիտ սխալը ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւեց: Թուրքիոյ նախարարը ինքնավստահօրէն ձեռնոց նետեց Զուիցերիոյ իշխանութիւններուն որ ձերբակալեն զինք՝ պարծենալով, թէ «1915ին տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն չէր»: Զուիցերիա որդեգրած է ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք մը, որ կը նմանի Ֆրանսայի օրինագիծին: Զուիցերիաի դատախազը կը ստուգէ Պաղըշի խօսքերը եւ անոր դիւանագիտական կարգավիճակը, տեսնելու համար, թէ արդեօք կրնա՞յ պատժամիջոցներ կիրառել անոր նկատմամբ՝ Ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար:
Ի հարկէ քաջագործութիւն չէ դիւանագիտական անձեռնմխելիութեան քօղին տակ թաքնուիլը եւ Տոնքիշօթեան յայտարարութիւններ ընելը՝ ձեռնոց նետելով այլ երկիրներու օրէնքներուն: Եթէ նախարար Պաղըշ ըլլար իրական «Մաչօ», նախ կը հրաժարէր իր անձեռնմխելիութենէն, ապա կ՛երթար Զուիցերիա՝ հրապարակաւ հերքելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այնուամենայնիւ, պարզ կը դառնայ, որ այս կտրիճ թուրք նախարարը իսկակա՛ն վախկոտին մէկն է: Գլուխ գովելէ ետք, թէ ինք մեծ սիրով կը վերադառնայ Զուիցերիա եւ կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ան սրամտօրէն յայտարարեց, թէ պիտի չվերադառնայ Զուիցերիա, քանի որ զուիցերիական դրամատուներուն մէջ դրամ չունի: Նախարարի ցանկութեան այս փոփոխութեան պատճառը, իրականութեան մէջ, իր ձերբակալման վախն է, եթէ յանկարծ զուիցերիացի դատախազը որոշում կայացնէ, որ անոր դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւնը չի պաշտպաներ զայն Ցեղասպանութիւնը ժխտելու յանցագործութենէն:
Որքա՞ն ժամանակ տակաւին վարչապետ Էրտողան պիտի կրնայ հանդուրժել պարոն Պաղըշի խեղկատակային վարքագիծը, որ Թուրքիան ամբողջ աշխարհի աչքերուն մէջ կը դարձնէ գռեհիկ պետութիւն մը: Հիացած ըլլալով Պաղըշի անգլերէնի իմացութեամբ՝ վարչապետը բարձրաստիճան նախարարական աթոռ մը առաջարկեց այս 41ամեայ Նիւ Եորքի քոլեջի նախկին ուսանողին, առանց գիտակցելու, թէ ո՛ւր կրնայ հասցնել իրենց այդ դիւանագէտը, որուն «լեզուին տակ ոսկոր չկայ»:
Ճիշդ այնպէս, ինչպէս նախագահ Ճորճ Պուշի անիմաստ յայտարարութիւնները յայտնի դարձան որպէս «պուշիզմ», աշխարհը այժմ ունի «պաղըշիզմ»ի հարուստ հաւաքածոյ: Ահա անոր անտրամաբանական խօսքերէն քանի մը օրինակ.
– «1915ին կատարուածը չի կրնար որակուիլ որպէս ցեղասպանութիւն, որքա՛ն ես գիտեմ… սակայն ես այնտեղ չեմ եղած 1915ին»:
– «Ես քաղաքագէտ եմ: Իմ աշխատանքը ապագան որոշելն է, այլ ոչ թէ անցեալը»:
– «Վերջին տարիներուն բոլորը կը տեսնեն, թէ թիւով աւելի շատ եւրոպացիներ կը տեղափոխուին Թուրքիա, քան՝ հակառակը»:
– Քաթարի մէջ վերջերս տեղի ունեցած համաժողովի մը ընթացքին նախարար Պաղըշ դարձաւ հանդիսատեսներու ծաղրանքի առարկան, երբ հպարտութեամբ յայտարարեց, թէ «Եւրոպան» թրքերէն բառ է… Քաթարի մօտ յոյն դեսպանը ջղագրգռուած պատասխանեց. «Բոլորը գիտեն, թէ ըստ յունական դիցաբանութեան՝ Եւրոպան Զեւսի սիրուհիներէն մէկն էր»:
– Կը թուի, թէ նախարար Պաղըշ չի հասկնար, որ կը հակասէ ինքզինք, երբ կը խնդրէ այլ երկիրներէն բանալ իրենց արխիւները եւ տեսնել, թէ արդեօք Հայոց Ցեղասպանութիւն եղա՞ծ է, մինչ՝ ի՛նք կ՛եզրակացնէ, որ ցեղասպանութիւն չէ եղած: Գոնէ ան պէտք է ազնուութիւնը ունենայ բերանը փակ պահելու, մինչեւ ամբողջութեամբ բացուին Օսմանեան կայսրութեան արխիւները: Մինչդեռ, միւս երկիրներուն արխիւները բաց են արդէն տասնամեակներէ ի վեր:
– Մէկ շունչով արտասանելով ամերիկեան սրամիտ արտայայտութիւններ, զորս սորված է Նիւ Եորքի փողոցները, ինչպիսին է՝ «a day late and a dollar short», Պաղըշ «Եուրօնիուզ»ին յայտնեց. «Ասիկա մահապատիժ է՝ առանց դատավարութեան… 1915ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն կոչելը՝ հիմնուելով սոսկ տեղեկութիւններու վրայ, որոնք ունինք ներկայիս, կը կատարուի լոպիի մը կողմէ, որ նենգամիտ ատելութիւն կը սերմանէ»:
– «Գերմանիան հայերուն հզօր դաշնակիցը եղած է 1915ին, ուստի գերմանացիները պէտք է բանան իրենց արխիւները եւ փաստաթուղթեր տրամադրեն պատմաբաններուն, ուսումնասիրութիւններու համար», ըստ «Հիւրրիյէ»չ թերթին՝ ըսած է Պաղըշ Երոմիութեան Ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Սթեֆըն Ֆիւլին: Պաղըշ երկու սխալ գործած է մէկ նախադասութեան մէջ: Գերմանիան ոչ թէ հայերուն, այլ՝ Օսմանեան կայսրութեան դաշնակիցն էր, իսկ գերմանական արխիւները բաց են արդէն երկար տարիներէ ի վեր:
– «Չկայ որեւէ ուժ, որ կրնայ ձերբակալել թուրք նախարար մը», հպարտութեամբ ըսած է Պաղըշ լրագրողներուն: Ապա ինչո՞ւ ան կը վախնայ եւ չի հրաժարիր դիւանագիտական իր անձեռնմխելիութենէն, ու յետոյ միայն չուրանար Հայոց Ցեղասպանութիւնը Զուիցերիոյ մէջ:
– Պաղըշ կը շարունակէ կրկնել այն ստայօդ տեղեկութիւնը, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը «քաջութիւնը չէ ունեցած պատասխանելու վարչապետ Էրտողանի այն նամակին, որով ան կը պահանջէր Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ուսումնասիրելու նպատակով՝ պատմաբաններու յանձնաժողով մը կազմել»: Իրականութեան մէջ, նախագահ Քոչարեան պատասխանած է (այդ նամակին)՝ առաջարկելով երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բոլոր խնդիրները լուծել կառավարութիւններու մակարդակով: Թուրքիոյ վարչապետն էր, որ չպատասխանեց Հայաստանի նախագահին:
Մինչ նախարար Պաղըշ կ՛օգտուի դիւանագիտական անձեռնմխելիութենէն, Թուրքիոյ մնացած բնակչութիւնը չունի նման արտօնութիւն: Լաւ կ՛ըլլայ, որ անձեռնմխելիութիւն շնորհուի բոլոր 72 միլիոն թուրքերուն. բան մը, որ պիտի պաշտպանէ զանոնք հետապնդուելէ՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը Թուրքիոյ մէջ արտասանելու պարագային:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ