ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Զաման» թերթի յօդուածագիր Էթյէն Մահճուպեան Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած երեք հարցադրումներ ըրած է թուրք պատմաբաններուն եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն:
Ան գրած է, որ 1915ի իրադարձութիւններուն հետ կապուած թուրք պատմաբաններն ու իշխանութիւնները մինչեւ այսօր չեն պատասխանած այն երեք հիմնական հարցումներուն, թէ «ո՞ւր էին հայ տղամարդիկ, երբ իշխանութիւնները հարկադրաբար գաղթի կ՛ենթարկէին անոնց ծնողները, երեխաները եւ կիները», «ի՞նչ եղաւ հայերուն ունեցուածքը», եւ «ինչո՞ւ անհետացան այդ իրադարձութիւններուն մասին պատմող արխիւային կարեւորագոյն նիւթերը»:
Ան գրած է. «Առաջին՝ Թալէաթի տետրակին մէջ կը նշուի, որ Էտիրնէէն մինչեւ Կարս, զինուած պահակախումբերու ուղեկցութեամբ կարաւաններով գաղթի ենթարկուածները՝ կանայք, երեխաներ եւ ծերեր են: Միւս կողմէ՝ թուրք պատմաբանները կը պնդեն, թէ այդ ժամանակ հայերը ապստամբած են եւ հարիւր հազարաւոր թուրքեր սպաննած: Իսկ ինչպէ՞ս եղաւ, որ այդ տղամարդիկ չփորձեցին փրկել ժանտարմներու ուղեկցութեամբ աքսորուող իրենց կիները, երեխաները եւ ծնողները: Ինչո՞ւ չկռուեցան աքսորուող հայերու կարաւաններու վրայ յարձակող աւազակախումբերուն դէմ: Եթէ այն ատեն հայերու թիւը նոյնիսկ 1.5 միլիոն էր, ապա գոնէ 300 զէնք բռնող տղամարդ պիտի գտնուէր: Կարելի պատասխանը այն է, որ հայ տղամարդիկ զինուորական ծառայութեան մէջ էին թրքական բանակին մէջ, բայց չէ՞ որ անոնցմէ շատերը կրնային փախչիլ բանակէն՝ իրենց հարազատները փրկելու համար: Այդ պարագային, ի՞նչ է պատասխանը…: Արդեօք անոնցմէ շատերը արդէն սպաննուա՞ծ էին:
«Երկրորդ՝ 1915էն առաջ հայերու մեծ մասը կը բնակէր քաղաքներու մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, որ այդ քաղաքներու կեդրոնական մասերու կառոյցներու եւ տարածքի մեծ մասը անոնց կը պատկանէր: Անոնք հողատարածքներ եւ այլ անշարժ գոյք ունեցած են նաեւ քաղաքներէն դուրս, որոնց շարքին՝ վանքեր, եկեղեցիներ, գերեզմանոցներ: Ի՞նչ եղաւ այս հարստութեան: Որո՞ւն ձեռքը անցաւ այս հարստութիւնը եւ ի՞նչ միջոցներով: Այդ հարստութեան նոր տէրերը ինչպիսի՞ կապեր ունէին ղեկավարութեան հետ: Ինչպէ՞ս եղաւ, որ հայերու լքած անշարժ գոյքը իթթիհատականներուն կողմէ բռանգրաւուեցաւ եւ իբրեւ աւար՝ բաժանուեցաւ անոնց մտերիմներուն ու հաւատարիմներուն: Ցեղասպանութեան հարցը միայն մարդկանց նկատմամբ կատարուած դաժանութիւնը չէ, այլ նաեւ անոր ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ նպատակով իրագործումն ու անկէ վերաբաշխման նոր համակարգ ստեղծելն է: Այսինքն, այսիկա նաեւ ներքին՝ «թրքական հարցի»ն հետ առերեսուելու խնդիր է:
«Եւ երրորդ՝ ո՞ւր են 1915ի իրադարձութիւններու փաստաթուղթերը: Բոլորը ամէն առիթով կը խօսին արխիւները բանալու մասին: Ինչո՞ւ չեն հարցներ, թէ ո՞ւր կորսուած են իթթիհատականներու կեդրոնական արխիւը, այդ օրերու յատուկ ծառայութեան արխիւը, ներքին գործոց նախարարութեան արխիւը եւ հայերու գաղթը կազմակերպած բաժինի արխիւը: Բազմաթիւ օրինակներով փաստուած է, որ 1915ի իրադարձութիւններուն մասին գրուած արխիւները կանխամտածուած կերպով «վերացուած են»: Իսկ Օսմանեան կայսրութեան պէս «արխիւասէր» պետութեան ղեկավարները, ինչո՞ւ չպահպանեցին նման զգայուն ժամանակաշրջանի արխիւները եւ ինչո՞ւ անոնցմէ մնացած մէկ մասը որոշուեցաւ պահել զինուած ուժերու սպայակոյտի արխիւին մէջ, որ մինչ այսօր փակ կը մնայ: Ինչպէս կ՛երեւի՝ Ցեղասպանութեան հարցը միայն անցեալին կատարուածի հետ չէ կապուած. անիկա կապուած է նաեւ պետութեան կողմէ շարունակուող մտածելակերպի եւ իրավիճակը անփոփոխ պահելու ջանքին հետ: Այս նիւթը շատոնց դուրս եկած է «հայկական հարց» ըլլալէ եւ վերածուած է ժողովրդավարացման, նոր Թուրքիա կառուցելու եւ անոր շնորհիւ՝ իրարու երեսի նայիլ կարողանալու նախապայմանին հետ»: