ՓԱՐԻԶ.- «Նուվել տ՛Արմէնի» թերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի մէջ ՀՅԴն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Ռիշար Անանեան եւ Մուրատ Փափազեան, Երկուշաբթի, Փետրուար 20ին հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտի հետ։
Հանդիպման ընթացքին Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավարը վերահաստատած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին իր աջակցութիւնը։ ՀՅԴի ներկայացուցիչները նախագահութեան թեկնածուին հետ քննարկած են նաեւ շարք մը այլ հարցեր:
Հոլանտ նաեւ իր նուիրուածութիւնը հաստատած է այն պայքարին, որ կը տարուի Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրման համար, եւ խոստացած է նախագահ ընտրուելու պարագային՝ արագացնել այդ հոլովոյթը, եթէ Սահմանադրական խորհուրդը մերժէ ներկայ օրինագիծը:
ՀՅԴ պատուիրակութենէն Մուրատ Փափազեան հանդիպման աւարտին յայտնած է. «Ֆրանսուա Հոլանտ կը գնահատէ մեր հաւատարմութիւնը, իբրեւ քաղաքական գործընկեր, եւ մենք կը հաստատենք, որ 2006էն ի վեր ան գործնական կերպով արտայայտած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ իր դրական վերաբերմունքը։ Գիտենք, որ ան անձամբ շահագրգռուած է, որ ընկերվարականներու խմբակցութիւնը խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին մէջ Վալերի Պուայէի առաջադրած նախագիծին թեր արտայայտուի, նաեւ գիտենք, որ Սահմանադրական խորհուրդին մէջ օրինագիծի մերժումին պարագային՝ Ֆրանսուա Հոլանտ, եթէ Ֆրանսայի նախագահ ընտրուի, պիտի կատարէ իր խոստումը»։