ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան քննադատեց Միացեալ Նահանգներու շրջանային 9րդ ատեանին Հինգշաբթի, Փետրուար 23ի այն որոշումը, որ կը մերժէր Քալիֆորնիոյ օրէնքներուն հիման վրայ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն կողմէ ապահովագրական օտար ընկերութեանց դէմ բացուած դատերը՝ պնդելով, թէ նման լիազօրութիւններ վերապահուած են միայն դաշնակցային իշխանութեանց:
Յիշեցնենք, թէ Քալիֆորնիոյ քրէական օրէնքներուն մէջ 2000ին տեղի ունեցած բարեփոխութեանց շնորհիւ, նման դատեր սկսած էին բացուելու ամերիկեան, ֆրանսական եւ գերմանական ընկերութեանց դէմ, սակայն դաշնակցային այս ատեանը պնդեց, թէ նման հարցերու մէջ դաշնակցային կառավարութեան կեցուածքը գերակայ է:
Ըստ ատեանին՝ այն պարագաներուն, երբ դաշնակցային կառավարութիւնը հարցի մը կապակցութեամբ յստակ կեցուածք չէ որդեգրած, ինչպէս է պարագան Հայկական Ցեղասպանութեան, նահանգային օրէնքներու գործադրութիւնը կրնայ վնաս հասցնել երկրի արտաքին քաղաքականութեան՝ անուղղակիօրէն ակնարկելով Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ կապերուն:
Ցեղասպանութեան ժառանգորդները ներկայացնող փաստաբանները յայտնեցին, թէ այս որոշումը վերատեսութեան ենթարկելու միջոցները կը քննեն, սակայն ընդունեցին, թէ լաւատես չեն հարցը Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեան հասցնելու հաւանականութեան գծով:
Համբարեան նշեց, որ ատեանին որոշումը հետեւանք է Միացեալ Նահանգներու ներկայ կառավարութեան ցուցաբերած անյստակ կեցուածքին, որ միայն կը զօրացնէ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու դիրքը: Ան աւելցուց, թէ այս վճիռը պէտք է մղէ նախագահ Պարաք Օպաման, որ յարգէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչնալու իր խոստումը: