ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի մէջ ներկայիս հաշուըւած է օգտակար հանածոներու մօտ 670 հանքավայր, 30ը՝ մետաղներու: Նշուած հանքավայրերէն կ՛օգտագործուի շուրջ 400ը, որոնց 22ը՝ մետաղներու:
Նշենք, որ Հայաստանի ընդերքը հարուստ է երկաթով, պղինձով, մոլիպտենով, կապարով, զինգով, ոսկիով, արծաթով, ծարիրով, ալիւմինիումով, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ պարփակուած հազուագիւտ ու ցրուած մետաղներով:
Մետաղական օգտակար հանածոներուն մէջ առկայ են եօթը պղնձամոլիպտենային, չորս պղինձի, 14 ոսկիի եւ ոսկի-բազմամետաղային, երկու բազմամետաղային, երկու երկաթահանքային եւ մէկ ալիւմինահանքային հանքավայր:
Բացայայտուած է, որ հանքաքարերուն մէջ կը գտնուին հազուադէպ եւ ցրուած արժէքաւոր այլ նիւթեր եւս:
Հանրապետութեան տարածքին առկայ են 15 պոչամբարներ, որոնց ծաւալները աւելի քան քանի մը միլիոն խորանարդ մեթր են եւ կը գրաւեն մօտ 700 հեքթարի ընդհանուր մակերես: Ներկայիս պոչամբարներուն մէջ կուտակուած օգտակար հանածոներու արդիւնահանման եւ վերամշակման իբրեւ արդիւնք յառաջացած արտադրական թափօնները չեն օգտագործուիր, հակառակ անոր որ անոնք կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ բազմամետաղներ: Ըստ բնապահպաններուն, պոչամբարները կրնան վտանգաւոր ըլլալ ուժեղ երկրաշարժներուն ատեն: