ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ամերիկեան «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանը անդրադարձած է Մաշտոցի պուրակին համար հայ բնապահպաններու տարած պայքարին:
«Հացադուլ՝ կանաչ միջավայրի համար» վերնագիրով նիւթը տեղադրուած է «Սի.Էն.Էն»ի կայքէջի iReport բաժինին մէջ: Ըստ պատրաստուած նիւթին, բնապահպանները, որոնք չունին քաղաքական, կրօնական եւ որեւէ այլ կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը, դժգոհ են քաղաքային իշխանութիւններէն եւ կը պահանջեն դադրեցնել պուրակին մէջ տեղի ունեցող շինարարութիւնը:
«Երբ բնապահպանները գիտակցեցան որ կարելի չէ յոյս ունենալ իշխանութիւններէն, անոնք գործիչներ եւ քաղաքացիներ օժանդակութեան կանչեցին, եւ միասնաբար ներխուժեցին ոստիկաններուն կողմէ շրջապատուած հատուած: Այս դէպքին ներկայ էին նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, քաղաքական գործիչներ եւ որոշ յայտնի մարդիկ», կը նշէ նիւթի հեղինակը: