
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Խոջալուի դէպքերու 20ամեակին առթիւ Կիրակի, Փետրուար 26ին Թաքսիմի մէջ կատարուած հանրահաւաքը բուռն քննադատութիւններու առարկայ դարձած է թրքական զանազան թերթերու մէջ, որոնց աշխատակիցները, դատապարտելով հանդերձ Խոջալուի մէջ կատարուած սպանդը՝ անընդունելի կը գտնեն այդ ոգեկոչման ընթացքին կատարուած հակահայ գրգռութիւնները, ինչպէս նաեւ այն տգեղ վերտառութիւնն ու լօզունգները, որոնք գործածուեցան հանրահաւաքին ընթացքին։ Որոշ աղբիւրներ կը պնդեն, թէ ասիկա պետութեան ցուցմունքով ու քաջալերութեամբ իրականացած ձեռնարկ մըն էր։
Խորհրդարանի Մարդկային իրաւունքներու յանձնախումբի նախագահ Այհան Սեֆեր Իւսթիւն Երկուշաբթի օր պահանջեց, որ դատախազները հետապնդում կատարեն այս ցեղապաշտ վերտառութիւններուն նկատմամբ։
Խորհրդարանի շէնքին մէջ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Իւսթիւն ըսաւ. «Հոն գործածուած բոլոր վերտառութիւնները ցեղապաշտ, խտրական ու ատելութիւն սերմանող նախադասութիւններ կը կրէին։ Մենք Թուրքիոյ պատժական օրէնքին մէջ փոփոխութիւն ըրինք ու այսպիսի խտրականութիւն կատարողներուն դէմ պատժական միջոցներ ձեռք առինք, բայց դատախազները տակաւին չեն գործադրեր օրէնքը։ Անոնք կը սպասեն, որ ատելութիւն սերմանող խօսքերու դէմ օրէնք հանենք։ Օրէնք հանենք, լա՛ւ, բայց նախ գործադրենք այն օրէնքները, որոնք գոյութիւն ունին արդէն»։
Իւսթիւն ըսաւ նաեւ, որ հանրահաւաքը անարժէք դարձած է. «Մենք մէկ կողմէ կը պնդենք, որ Թուրքիա բոլոր գոյներու նկատմամբ սրտաբաց մեծ պետութիւն մը պիտի ըլլայ, կը պաշտպանենք միասին ապրելու մշակոյթը, բայց միւս կողմէ՝ այսպիսի լօզունգներ կը բանանք հրապարակներու վրայ։ Ասիկա ընդունելի չէ», աւելցուց ան։
Երբ լրագրողներ յիշեցուցին, թէ ներքին գործոց նախարար Շահին եւս մասնակցեցաւ այդ հաւաքին, եւ նմանօրինակ լօզունգներու շուքին տակ ճառախօսութիւն մը ըրաւ՝ Իւսթիւն պատասխանեց, որ այդ մասին ինք բան չի կրնար ըսել՝ հարց տալով, որ նախարարը արդեօք տեսա՞ծ էր այդ վերտառութիւնները։
Ինչպէս յայտնի է, հանրահաւաքի ընթացքին պարզուած էին բազմաթիւ ցեղապաշտ վերտառութիւններ, որոնցմէ մանաւանդ մէկը՝ «Բոլորդ հայ էք, բոլորդ պոռնիկի զաւակ )փիճ) էք»ը, ծայր աստիճան գրգռիչ ու նախատական էր։
Յայտնենք, թէ Թուրքիոյ մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութեան Պոլսոյ բաժանմունքը եւս Երեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ դատական հայց ներկայացուցած է երկու օր առաջ տեղի ունեցած հաւաքին ընթացքին հակահայ կոչեր հնչեցնելու եւ լօզունգներ պարզելու առիթ ընծայած կազմակերպիչներուն դէմ: