
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երկուշաբթի, Փետրուար 27 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 304 բանաձեւի գլխաւոր հեղինակներ Էտըմ Շիֆի եւ Ռապըրթ Տոլտի կողմէ կազմակերպուած ստորագրահաւաքի մը իբրեւ արդիւնք, աւելի քան 60 քոնկրեսականներ ստորագրած են այն նամակը, ուր խստօրէն կը քննադատուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին վերջերս կատարուած յայտարարութիւնը:
Քլինթըն յայտարարած էր, թէ «պատմական բանավէճ» մը տեղի պէտք է ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով: Այդ յայտարարութեան ակնարկելով՝ քոնկրեսականները կը գրեն, թէ Քլինթըն պէտք է ետ քաշէ իր այդ խօսքը, որովհետեւ անոր կեցուածքը սկսած է գրեթէ նոյնանալու Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան հետ: Անոնք կ՛աւելցնեն, թէ Քլինթըն պէտք է յստակօրէն ընդունի Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը՝ յիշեցնելով, թէ «ցեղասպանութիւն» բառը ստեղծուած էր՝ օրինակ ունենալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան դրուատեց քոնկրեսականներուն սոյն աշխատանքը:

Քոնկրեսականները նաեւ ծրագրած են յառաջիկայ օրերուն այս կապակցութեամբ հարցումներ ուղղել Քլինթընի, որ Քոնկրեսին զանազան յանձնախումբերուն առջեւ զեկուցումներ պիտի ներկայացնէ:
Նամակը ստորագրած քոնկրեսականներուն ամբողջական ցանկը կարելի է կարդալ մեր համացանցային կայքին վրայ՝ www.asbarez.com հասցէով: