ՊՈԼԻՍ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ, որ ամիսներէ ի վեր կասկածի տակ կը դնէր Ֆրանսայի անկողմնակալութիւնը Արցախի բանակցութեանց մէջ, Չորեքշաբթի, Փետրուար 29ին յայտնած է, որ Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը «Ֆրանսայի վրայէն սեւ բիծը մաքրեց»։
«Պատմութեան ընթացքին ձեւաւորուած ֆրանս-թրքական յարաբերութիւնները փորձութիւն մը եւս դիմագրաւեցին, եւ մենք յոյսով ենք, որ մեր յարաբերութիւններուն մէջ այլեւս նման խնդիրներ չեն ըլլար։ Կը կարծեմ, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը դաս եղաւ այն ֆրանսացի քաղաքական գործիչներուն համար, որոնք կը փորձեն պատմութենէն շահեր ապահովել», յայտարարեց Պաղըշ, աւելցնելով, որ քաղաքական գործիչները պէտք է իրենց գործով զբաղին, այլ ոչ թէ պատմութեամբ։
«Վերջին շրջանին մենք ականատես կ՛ըլլանք, թէ քաղաքական գործիչները ինչպէ՛ս պատմութեամբ կը զբաղին։ Իւրաքանչիւրը պէտք է իր գործով զբաղի։ Քաղաքական գործիչներուն գործը քի՞չ է, որ անոնք սկսած են նաեւ պատմութեամբ զբաղելու։ Այս առնչութեամբ ես ֆրանսացի քաղաքական գործիչներուն խորհուրդ կու տամ իրենց խնդիրներով զբաղիլ, եւ ոչ թէ պատմութեամբ», նշեց ան՝ միաժամանակ յայտարարելով, որ այսուհետեւ Ֆրանսա պէտք է յաւելեալ աշխուժութիւն ցուցաբերէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի կազմին մէջ, Արցախի հակամարտութիւնը լուծելու համար, որ նոր խթան կրնայ հանդիսանալ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով:
Յիշեցնենք, թէ Ֆրանսայի մէջ վաւերացուած Ցեղասպանութիւններու ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին պատճառով, բազմաթիւ թուրք եւ ատրպէյճանցի պաշտօնատարաներ պահանջեցին, որ Ֆրանսա դադրի Մինսկի խմբակի համանախագահներէն մէկը ըլլալէ, որովհետեւ ան նշեալ որոշումին պատճառով՝ «կորսնցուցած» է իր անկողմանակուլութիւնը: