ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը տեղեկացուց, թէ Միացեալ Նահանգներու

արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Չորեքշաբթի, Փետրուար 29ին անգամ մը եւս Հայկական Ցեղասպանութեան մասին խօսելու ընթացքին զայն պարզապէս «ահաւոր դէպքեր» կոչած է՝ միաժամանակ կոչ ընելով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի իշխանութեանց, որ անոնց շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարեն:
Քլինթըն այս հաստատումը կատարած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին գործողութեանց յատկացումներու ենթայանձնախումբին առջեւ, պատասխանելով քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի մէկ հարցումին, որուն ընթացքին Շիֆ անգամ մը եւս պահանջեց Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ապատեղեկատուական հաստատումներ չկատարել՝ յիշեցնելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատող ամերիկացի պաշտօնատարներուն՝ ներառեալ նոյնինքն Հիլըրի Քլինթընի անցեալի յայտարարութիւնները:
Քոնկրեսականներ Ճես Ճեքսըն եւ Սթիւ Ռաթմըն երկրորդած են Շիֆի խօսքերը:
Այս շաբթուան ընթացքին Քլինթընէն Ցեղասպանութեան յստակ ճանաչում պահանջող նամակի մը տակ ստորագրած էին աւելի քան 60 քոնկրեսականներ:
Here Mrs. Clinton successfully demonstrates that democrats are more corrupt and inert people than any other party’s people.
Do we have to explain to her that there is no such thing, really, like “Armenian interests”, “Jews interests”, “American interests”. USA was and is a model, dream country exactly because its founders vision was about “Human interest”. Being human in all circumstances and staying human no matter what. She gives up this part: “NO MATTER WHAT”. Never, never, never give up!