ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցած շաբաթ Դաշնակցային վերաքննիչ դատարանը ապշեցուցիչ որոշում մը ընդունեց: Միաձայն

որոշումով դատարանը չեղեալ յայտարարեց Քալիֆորնիոյ օրէնքը, որ թոյլ կու տար Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն՝ դատ բանալ կեանքի ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ, վերջիններուս կողմէ դրամական հատուցման պահանջները չկատարուելու պատճառաւ:
Հիմք ընդունելով «հազուադէպ կիրառուող» կամ «մենաշնորհեալ հարց»ի սկզբունքը՝ դատարանը նահանգին օրէնքը ճանչցաւ հակասահմանադրական՝ պնդելով, որ անիկա կը հակասէ դաշնակցային կառավարութեան մենաշնորհը հանդիսացող արտաքին քաղաքականութեան ուղեգիծին:
Վերաքննիչ դատարանը չեղեալ համարեց 2000 թուականի Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինին ընդունած օրէնքը, որուն համաձայն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն կողմէ կեանքի ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ դատական գործ յարուցելու վերջնաժամկէտը երկարաձգուեցաւ նախ մինչեւ 2010, ապա՝ 2016 թուական: Այդ օրէնքին հիման վրայ, Քալիֆորնիոյ փաստաբանները դատ բացած էին «Նիւ Եորք Լայֆ» եւ ֆրանսական «AXA» ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ: Երկու դատերն ալ աւարտեցան դատարանէ դուրս համաձայնութեամբ, որուն արդիւնքով 37.5 միլիոն տոլար յատկացուեցաւ հայկական կողմին:
2003ին հայ պահանջատէրերը հաւաքական հայց ներկայացուցին ԱՄՆի դաշնակցային դատարան՝ ընդդէմ կեանքի ապահովագրական գերմանական ընկերութիւններու: Իրենց ուշացած պայմանագրային պարտաւորութիւնները կատարելու փոխարէն, այդ ընկերութիւնները փորձեցին կանգնեցնել դատը պնդելով, որ նահանգի օրէնսդրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վկայակոչումը ոտնձգութիւն կը համարուի դաշնակցային կառավարութեան արտաքին քաղաքականութիւն ճշդելու իրաւասութեան նկատմամբ: Քանի մը անգամ բողոքելէ ետք, 2012ի Փետրուար 23ին, դաշնակցային 11 դատաւորներէ բաղկացած դատական կազմը միաձայն որոշեց գերմանական ընկերութիւններուն դէմ դատը դուրս նետել դատարանէն: Այնուամենայնիւ, այս որոշումը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունի «Նիւ Եորք Լայֆ» եւ «AXA» ապահովագրական ընկերութիւններուն հետ՝ դատարանէ դուրս ընդունուած համաձայնութեան վրայ:
Կը կարծեմ, որ Վերաքննիչ դատարանին որոշումը թերի է հետեւեալ պատճառներով.
1- Դատարանը տարօրինակ դիրքորոշում ընդունեց, որ՝ իբրեւ թէ նահանգի օրէնսդրութիւնը կը ներխուժէ դաշնակցային կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան սահմանները, նոյնիսկ անոնց երկուքին միջեւ որեւէ հակասութեան բացակայութեան պարագային: Իրականութեան մէջ, Քալիֆորնիոյ նահանգը եւ դաշնակցային կառավարութիւնը Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ համակարծիք են, քանի որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը 1975 եւ 1984 թուականներուն, իսկ 1981ին նախագահ Ռեկըն Նախագահական հռչակագիր ստորագրած էր այդ մասին, իսկ ամենակարեւորը՝ ԱՄՆի արդարադատութեան նախարարութիւնը 1951ին Միջազգային դատարան ներկայացուցած իր պաշտօնական զեկոյցին մէջ, Հայկական հարցը ներկայացուցած է որպէս ցեղասպանութեան օրինակ:
2- Վերաքննիչ դատարանը իր դատական սահմաններէն շատ դուրս եկաւ, երբ ոչ պատշաճ ուշադրութիւն դարձուց թրքական ժխտողականութեան, ճնշումներուն եւ սպառնալիքներուն՝ մեղադրելով, թէ Քալիֆորնիոյ օրէնքը «Օսմանեան կայսրութեան (հետեւաբար եւ՝ ներկայի Թուրքիոյ) գործողութիւնները կը սահմանէ «ցեղասպանութիւն» քաղաքական պիտակով, եւ թէ բարեհաճ կը գտնուի «Հայոց Ցեղասպանութեան զոհեր»ուն նկատմամբ»: Այս պնդումը բնաւ չի համապատասխաներ իրականութեան, քանի որ Քալիֆորնիոյ օրէնքը ոչ մէկ ձեւով կը յիշատակէ «այսօրուան Թուրքիան»: Աւելին, խորանալով աւելի շատ քաղաքական փաստարկներու քան իրաւական առողջ դատողութիւններու մէջ՝ Վերաքննիչ դատարանը մէջբերումներ կատարեց թերթերու յօդուածներէ (որոնք դատավարութեան նիւթերուն մէջ չեն ներառուած), ներկայացնելու համար Ֆրանսայի կողմէ ընդունուած Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծին նկատմամբ Թուրքիոյ կատաղի արձագանգը եւ Անգարայի կողմէ «ցեղասպանութիւն» պիտակի մերժումը:
3- Դատարանը կրնար Քալիֆորնիոյ օրէնքէն առանձնացնել Ցեղասպանութեան մասին վկայակոչումը՝ միաժամանակ պահպանելով կեանքի ապահովագրական հատուցում պահանջողներուն օրինական պահանջները, քանի որ դատավարութեան նպատակը ոչ թէ Ցեղասպանութեան փաստի հաստատումն է, այլ՝ ապահովագրական հատուցման վճարներուն վերականգնումը:
Հայերը պէտք չէ յուսալքուին եւ պէտք չէ դադրին պայքարելէ յանուն իրենց օրինական իրաւունքներուն, հակառակ այս իրաւական ժամանակաւոր նահանջին: Ահա՛ որոշ հնարաւոր քայլեր, որոնց կարելի է ձեռնարկել՝ իրավիճակը փոխելու համար.
1- Բողոքարկել ԱՄՆի Գերագոյն դատարանին մօտ, թէեւ այս դատարանը կը քննէ իրեն ներկայացուած գործերէն շատ քիչ տոկոսը միայն:
2- Խնդրել Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինէն ընդունիլ նոր օրէնք մը, որ կ՛ընդլայնէ հայցուորներուն հնարաւոր խումբը, որպէսզի Վերաքննիչ դատարանը չկարենայ առարկել՝ ըսելով, որ գործող օրէնքը կը կիրառուի «պահանջողներու շատ նեղ շրջանակի համար» միայն:
3- Աշխատիլ, որ ԱՄՆ Քոնկրեսի անդամները ընդունին նմանատիպ օրէնք մը, որ կ՛արտօնէ դատական հայց ներկայացնել հատուցում կատարել մերժող ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ:
4- Սկսիլ հայկական քաղաքական նոր նախաձեռնութիւն մը՝ դաշնակցային մակարդակով՝ փորձելով ձեւաւորել «Հայոց Ցեղասպանութեան գոյքի հարցերով նախագահական խորհրդատուական յանձնաժողով»՝ Ողջակիզման (Հոլոքոսթի) գոյքի հարցերով յանձնաժողովին նման, որ Ցեղասպանութեան դարաշրջանի գոյքը վերականգնելու նպատակով պիտի օգտագործէ աւելի շատ ԱՄՆի կառավարութեան լծակները, այլ ոչ թէ՝ դատարանները:
5- Համաշխարհային արշաւի սկսիլ եւ կազմակերպել ցոյցեր ու պոյքոթներ գերմանական այն ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ, որոնք կը հրաժարին իրենց նիւթական եւ բարոյական պարտքերը կատարելէ: Տարբեր երկիրներու մէջ գերմանական այդ ընկերութիւններու գրասենեակներուն առջեւ կազմակերպել ցոյցեր, մինչեւ անոնք գիտակցին, թէ մերժելով հայերուն պահանջները աւելի շատ պիտի տուժեն, քան՝ եթէ վճարեն (զոհերու) ժառանգորդներուն ապահովագրական գումարները: Աւելի՛ն, հայերը պէտք է պահանջեն, որ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ դաշնակից Գերմանիան ընդունի՛ օրէնք մը, որ կը պարտադրէ գերմանական ընկերութիւններուն փոխհատուցել պահանջուող գումարները:
Ակնյայտ է, որ հայկական քաղաքական պահանջներուն հետամուտ ըլլալը աւելի շատ կը նմանի մարաթոնի, քան՝ կարճատեւ վազքի: Հայերը պէտք է շարունակեն իրենց պայքարը եւ յաղթահարեն բոլոր խոչընդոտները, մինչեւ որ հասնին իրենց արդար դատի վերջնական իրականացման:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ