ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Գովեստ թէ պարսաւ, հաւասարապէս մտահոգութիւն պէտք է պատճառեն մարդ անհատին: Բնականօրէն գովեստը նախընտրելի է պարսաւէն, սակայն առաջինն ալ համահաւասար մտահոգութիւն կրնայ

պատճառել տուեալ անձին, որովհետեւ ատիկա ալ կրնայ հետաքրքրութիւն ստեղծել հանրային կարծիքին մօտ:
Ուրիշներու հետաքրքրութեան առարկան դառնալուն մէջ ինքնին վտանգ գոյութիւն ունի: Որովհետեւ ամէն անձ որ ուրիշին հետաքրքրութիւնը կը շարժէ, անպայման գովեստի չարժանանար: Թէեւ կրնայ ենթական ինք միշտ դրականօրէն դիտել, իր անձին ուրիշներու մօտ հետաքրքրութիւն ստեղծելը: Այսպէս, նորաձեւութեան համար քայլուղիին վրայ երթ ու դարձ կատարող եւ ամէն վայրկեան նոր զգեստով յայտնուող բնորդուհիները գիտեն որ ներկայ քննադատներուն ու լուսանկարիչներուն հետաքրքրութիւնը իրենց շուրջ է միշտ, սակայն այդ քննադատները միշտ ալ գովեստով չեն խօսիր ո՛չ իրենց հագուածքին, ո՛չ ալ երբեմն բեմական արտայայտչաձեւերուն մասին:
Հանրութեան հետաքրքրութեան առարկան դառնալը մեզ կը ծանօթացնէ նոյնիսկ անծանօթներու: Մարդիկ, որոնք թերեւս պիտի չուզէին որ մեր անունը արտասանէին անգամ: Սակայն, ընդհանուր հետաքրքրութեան ծիրը լայն բացուած ըլլալուն, փախուստ չենք ունենար նաեւ այդպիսիներու հետաքրքրութենէն:
Կասկած չկայ, որ հետաքրքրասէր մարդիկ չեն սպասեր անշուշտ, որ հաղորդակցութեան կամ ժողովրդային խօսակցութեան միջոցներով լուրեր տարածուին: Անոնք իրենք արդէն կը ճարեն պէտք եղած նիւթերը այս կամ այն անձին մասին: Նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ «կը յարմարցնեն», կամ լաւ եւս՝ «կը զարդարեն» շրջան ընող զրոյցը, մինչեւ իսկ իրաւատէրի կամ իրաւազրկուածի աթոռին նստելով: Դիրքեր՝ որոնցմէ ո՛չ մէկը, ո՛չ ալ միւսը իրենց կը պատկանի:
Հետաքրքրասէրներու աշխատանքին մաս կը կազմէ պրպտումը, նոյնիսկ երբ շուքի մէջ մնացած մէկը իր աշխատանքը կը կատարէ լուռ, աշխարհի աղմուկէն ու մարդոց գզվռտոցէն հեռու: Գերեզմանակրկիտներու նման, ասոնք ալ հին ոսկորներով կը զբաղին՝ յուսալով որ օրին մէկը, բացուած գերեզմաններէն մէկուն մէջէն, մեռելին հետ թաղուած ոսկիներ պիտի յայտնաբերեն: Եւ այս աշխատանքը կը կատարեն օրն ի բուն, մէկդի դրած գերեզմանափորին սպասող անհաճոյ գիշահոտութիւնը, կեղտոտ աշխատանքը եւ անպատուաբեր գործը:
Ինքնաքննութեան ու ինքնահայեցողութեան պատուէրը ամէնէն լաւը պիտի սազէր, ուրիշներով շատ հետաքրքրուողներուն: Մարդ ինչքան ժամանակ կը տրամադրէ երբեմն (յատկապէս իգական սեռը)՝ հայելիին առջեւ կենալով արտաքին արդուզարդին համար: Ամբողջ կեանքի տեւողութեան եթէ իր տրամադրած ժամանակին կէսը յատկացնէր ներքին «արդուզարդ»ին յարդարման, վստահաբար ժամանակ չէր ունենար ուրիշներուն կեանքով այդքան հետաքրքրուելու:
Գովեստի ու փառաբանանքի արտայայտութիւնները ցարդ շա՜տ մարդոց համար եղեր են անկումի կամ կործանումի գայթիչ քարեր, որոնց վրայ հաւասարակշռութիւնը պահելու դժուարութեան դիմաց գտնուելով՝ գլտորուեր են ու տապալել: Մարդոց տեսակները կը տարբերին անշուշտ, գովասանք եւ պարսաւ դիմակալելու իմաստով: Ոմանք երկուքին նկատմամբ ալ անտարբեր են: Կան մարդիկ, որոնք կը ձեւացնեն թէ չեն իմանար, սակայն ներքնապէս կը տառապին: Գովասանքը այնքան վատ ազդեցութիւն չունենար բնականաբար, ինչքան՝ պարսաւը: Սակայն առաջին պարագային իր հաւասարակշռութիւնը պահող անձը, երկրորդին պարագային ալ անտարբեր կ՛ըլլայ: Ասոնց համար ժողովուրդը կ՛ըսէ. «ո՛չ տաքէն կ՛ազդուի, ո՛չ ալ պաղէն»:
Քրիստոնէական մօտեցումը գովեստի եւ պարսաւի, ճիշդ այս միջին աստիճանը գտնելու եւ զայն իբրեւ սկզբունք ընդունելու օրէնքը կ՛ուսուցանէ: Նախ բնա՛ւ չի՛ թելադրեր, որ մարդ ինքզինք գովէ, այլ՝ կ՛ուսուցանէ, որ ուրիշներ գովեն զինք: Երկրորդ, գովեստի եւ պարսաւի պարագային հանդարտութիւնը չկորսնցնելէ բացի, նաեւ ամէն ինչ «Աստուծոյ փառքին» վերագրել կը թելադրէ: Այս է, որ քրիստոնէական կեանք ապրիլ ուխտած անձերու բերանէն յաճախ կը լսուի «Աստուծոյ փառքին համար» արտայայտութիւնը, զոր գովեստի թէ պարսաւի պարագային հաւասարապէս կը գործածեն:
Քրիստոնեայ տարբեր ժողովուրդներ, Աւագ Շաբթուան դրուագները կատարելու յատուկ աւանդութիւններ ունին: Անոնցմէ ոմանք եկեղեցիէն դուրս նաեւ այլ պաշտամունքային արարողութիւններ կը կատարեն՝ թատերական բաժինին լայն տեղ տրամադրելով: Յիսուսի տնօրինական կեանքի վերջին շաբթուան դրուագները երբեմն կենդանի պատկերներով, երբեմն ալ ուղղակի թատերական ներկայացումներով կը կատարեն: Ծայրայեղ մօտեցումներ ալ կան այնտեղ, երբ Յիսուսի դերը ստանձնած անձը կամաւորաբար յանձն կ՛առնէ մտրակուիլ, ծեծուիլ, նոյնիսկ խաչի վրայ պահ մը գամուիլ, ապա շուտով վար իջեցուելու եւ բուժումի ենթարկուելու պայմանաւ: Տուեալ դերակատարներուն երբեմն ճղճիմ մարմինները տեսնելով, մանաւանդ անոնց աչքերուն մէջ զօրաւոր հաւատքը կարդալով՝ կ՛իմանանք, որ անոնք իսկապէս հաւատացեալ կամաւորներ են, որոնք այդ ձաղկումն ու ծեծը, մինչեւ իսկ խաչի վրայ բեւեռուիլը յանձն կ՛առնեն «Աստուծոյ փառքին» համար:
Կեանքի ընթացքին գովասանքէ եւ պարսաւէ չայլայլող ծերունին, զոր միշտ կը մէջբերեմ գրութեանցս ընթացքին, հիացումի արժանի կեցուածք կը ցուցաբերէր, երբ յաճախ գովասանքի կ՛արժանանար: Մէկ պատասխան ունէր, զոր իր անուան շռայլուած գովեստներուն համար կ՛արտաբերէր իր շրթներէն.
– Շնորհակալ եմ:
Ի զարմանք բազմաց, պատահեցաւ նաեւ, որ օրին մէկը, յաճախ գովասանքի արժանացող այս ծերունին պարսաւանքի ենթարկուեցաւ անիրաւօրէ՛ն: Զինք կշտամբողին ու անտառային վայրի կատուի նման ճանկերը բացած յարձակողին դիմաց համեստօրէն կանգնած՝ նոյն պատասխանը տուաւ ան.
– Շնորհակալ եմ:
Այս երկու համեստ բառերուն կողքին ադամանդներ ու մարգարիտներ ալ եթէ շարես, ո՛չ մէկ բան պիտի կարենան աւելցնել անոնց շքեղութեան վրայ: «Շնորհակալ եմ»ը այն ամբողջացուցիչ պսակն է, որ իբրեւ թագ կրնաս գործածել թէ՛ գովեստի պահուն, եւ թէ պարսաւանքի: Առաջինին՝ իբրեւ փառքի թագ դնելով գլխուդ, իսկ երկրորդին՝ իբրեւ պաշտպանող պողպատեայ սաղաւարտ, որ գլխուդ թափող բոլոր նետերը թշնամիներուդ քթակտուր պիտի ընէ ու գետին ձգէ:
Միակ պատասխանդ այս է, հետեւաբար.
– Շնորհակալ եմ:
Բարոյականը այստեղ էջ կը բանայ, իսկ նոր տողի վրայ կ՛արձանագրէ.
– Շնորհակալ եմ: