
ԷՆԸՀԱՅՄ.- «Ֆերահեան» վարժարանի 9րդ դասարանի աշակերտ Վան Տէր Մկրտիչեան կը հաղորդէ, թէ Շաբաթ, Մարտ 7ին կայացած Քալիֆորնիոյ միջդպրոցական դաշնակցութեան (CIF) հարաւային շրջանի «5A» բաժանմունքի պասքեթպոլի աւարտական մրցումին, վարժարանի «Արմէնզ» խումբը, յետ երկարաձգութեան, 65-62 արդիւնքով պարտութեան մատնած է մրցաշարքին մէջ առաջին դասուած «Փրովիտընս» վարժարանի «Փայոնիրզ» խումբը՝ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով խլելով մրցաշարքին բաժակը:
«Արմէնզ» կրցած է բաժակը բարձրացնել՝ շնորհիւ իր խմբային բարօրակ խաղարկութեան: Մարզիչ Գօգօ Գափրիէլեան եւ վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեան, որ ներկայ էր մրցումին, շնորհաւորեցին խումբին իրագործումը՝ միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով խումբին նեցուկ կանգնող համակիրներուն եւ ծնողներուն: