
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մայքըլ Արապեանի բեմադրութեամբ, «Մարք Թէյփըր Ֆորըմ» թատերասրահին մէջ պիտի սկսի ներկայացուելու Սամուէլ Պեքեթի հռչակաւոր «Սպասելով Կոտոյին» գործը: Ելոյթները պիտի սկսին Չորեքշաբթի, Մարտ 14ին ու պիտի շարունակուին մինչեւ Ապրիլ 22:
Դերեր ստանձնած են Ալըմ Մանտել, Պերի ՄըքԿավըրն, Ճէյմզ Քրոմուէլ, Հիւկօ Արմսթրոնկ եւ Էլ.Ճէյ. Պենեթ:
Յաւելեալ տեղեկութեան կամ տոմսեր ապահովելու համար, դիմել (213) 628-2772 թիւին կամ այցելել www.centertheatregroup.org/Godot կայքէջը: