ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Երեքշաբթի, 28 Փետրուար 2012ի երեկոյեան, Լոս Անճելըս գաւառի Շերիֆի բաժանմունքէն Շերիֆ Լի Պաքայի աւագ խորհրդական Չիֆ Կերի Նալպանտեան եւ Սերժանթ Ճեք Թահանեան, ընկերակցութեամբ Լոս Անճելըսի համայնքի հետ կապի խորհուրդի անդամ Յարութ Մկրտիչեանի եւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան նախորդ կազմի փոխատենապետ Յովիկ Պետեւեանին, այցելեցին ՀՄԸՄի կեդրոնը եւ շահեկան հանդիպում մը ունեցան Շրջ. վարչութեան կազմին հետ:
Ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեան, իր բարի գալուստի խօսքերէն ետք, ծանօթացուց Շրջ. վարչութեան իր գործընկերները եւ ապա, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք շրջանի ՀՄԸՄի պատմութիւնը, մատնանշեց ՀՄԸՄի հետապնդած նպատակները, որոնք գլխաւորաբար կեդրոնացած են կազմակերպութեան հոգածութեան յանձնուած պատանի-երիտասարդներուն առողջ միջավայր մը ստեղծելու հրամայականին վրայ. կրթական, մարզական եւ սկաուտական ծրագիրներ, որոնց մեծագոյնը Նաւասարդեան Մարզախաղերն են:
Հիւրերուն ՀՄԸՄը ծանօթացնելու ջանքերը այնքան ալ դժուար չընթացան: Խօսակցութեանց ընթացքին ի յայտ եկաւ, թէ Չիֆ Կերի Նալպանտեան հաւատաւոր ՀՄԸՄական մարզիկ մը եղած է Լիբանանի մէջ եւ երկար տարիներ անդամակցած է ՀՄԸՄի Սիամանթօ ֆութպոլի խումբին, իսկ Ճեք Թահանեան ՀՄԸՄական ընտանիքի մը փեսան է:
Արդ, լաւապէս տեղեակ ըլլալով ՀՄԸՄի նպատակներուն եւ գործելաոճին, Կերի Նալպանտեան առաջարկեց միասնական ջանքերով աշխատանք տանիլ երեխաները հեռու պահելու փողոցներէն՝ զանոնք ուսման մղելով, արտադպրոցական ծրագիրներու մէջ ընդգրկելով, դաստիարակելով եւ վերջապէս լաւ քաղաքացիներ դառնալու միջոցներ ստեղծելով:
Նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄը բազմահազար երիտասարդ-երիտասարդուհիներ կ՛ընդգրկէ իր մարզական եւ սկաուտական շարքերուն մէջ, զոյգ ոստիկաններն ալ օգտակար ըլլալու պատրաստակամութիւն արտայայտեցին, յատկապէս Նաւասարդեան մարզախաղերու եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու ապահովական միջոցներուն գծով, ինչպէս նաեւ փափաք յայտնեցին Նաւասարդեան փառատօնի տարածքէն ներս անկիւն մը ունենալու, որպէսզի երիտասարդութեան դաստիարակութեան օգտակար իրենց ծրագիրները հանրութեան սեփականութիւնը դարձնեն:
Անոնք նաեւ սիրով ընդառաջեցին Շրջ. վարչութեան հրաւէրին՝ այցելելու ՀՄԸՄի մասնաճիւղերը, գործնական եւ տեսական դասախօսութիւններով դաստիարակչական ուղղութիւններ տալու յատկապէս ՀՄԸՄական ծնողներուն, որպէսզի անոնք եւս իրենց ներդրումը ունենան երիտասարդութիւնը վատ բարքերէ, անառողջ միջավայրէ ու մոլութիւններէ հեռու պահելու գործին: Նաեւ համաձայնութիւն գոյացաւ շտապ օգնութեան, ինքնապաշտպանութեան, մարզական եւ այլ օգտակար նիւթերու շուրջ դասախօսութիւններ հրամցնել մարզիչներու եւ սկաուտ ղեկավարներուն, խմբապետական կազմերուն եւ յանձնախումբերուն:
Կերի Նալպանտեան քաջալերեց ՀՄԸՄի ղեկավարութիւնը օգտակար հանդիսանալու եւ նոյնիսկ ներկայացուցիչներ ունենալու ուսանողութեան եւ համայնքի հետ կապի խորհուրդի աշխատանքներուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւապէս դաստիարակել երկրի ապագան նկատուող երիտասարդութիւնը:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հետաքրքրական եւ խիստ շահեկան այս հանդիպումը եզրափակուեցաւ Կերի Նալպանտեանի համագործակցութեան կոչով, որպէսզի ՀՄԸՄը եւս, իբրեւ երիտասարդական հսկայ կազմակերպութիւն, իր արդար բաժինը բերէ համայնքի անդամներու եւ մանաւանդ ծնողներու դաստիարակչական գիտելիքներու ընդարձակման գործին:
«Մեր տեսլականը եւ հետապնդած նպատակները նոյնն են: Մենք կը հաւատանք, որ եթէ միասնաբար սերտ յարաբերութիւններ ստեղծենք մեր համայնքին հետ, կրնանք օգտակար հանդիսանալ շատ մը համայնքային էական նկատուող հարցերու լուծման: Իսկ այդ գետնի վրայ յաջողելու համար պէտք է հանգիստ զգանք եւ վստահինք իրարու: Ես վստահ եմ, որ եթէ մեր երիտասարդութեան հարցերը լուծելու միասնական աշխատանք տանինք անպայման կը յաջողինք», ինքնավստահութեամբ ընդգծեց Նալպանտեան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Յարութ Մկրտիչեանին, այս արդիւնաւէտ հանդիպումը կազմակերպելուն, իսկ Շրջ. վարչութեան՝ հանդիպման ընթացք տալուն եւ համագործակցութիւն ցուցաբերելուն համար:
Ապա, հիւրերը շրջելէ ետք ՀՄԸՄի կեդրոնը, իրենց հիացմունքը յայտնեցին անոր յարմարաւէտութեան վերաբերեալ եւ ՀՄԸՄին հետ յանուն մեր երիտասարդութեան գործակցելու խոստումով հեռացան՝ գործնական աշխատանքի մէջ հանդիպելու հեռանկարով: