ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քալիֆորնիայէն Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ անդամ Ճիմ Քոսթա իր ձայնը միացուցած է Սումկայիթի մէջ Փետրուար 1988ին տեղի ունեցած ջարդերու զոհերուն յիշատակը ոգեկոչած քոնկրեսականներուն՝ ջարդերը կապելով հայութեան դէմ Ատրպէյճանի մշակած յարձակողապաշտ ընդհանուր քաղաքականութեան հետ:
«Այս ահաւոր իրադարձութեանց տարելիցը թող մեզի յիշեցնէ, թէ յաւելեալ աշխատանք պէտք է տարուի խաղաղ եւ արդար աշխարհ մը ապահովելու համար», ըսած է ան Ներկայացուցիչներու տան խօսնակին ուղղուած իր խօսքին մէջ:
Շարք մը այլ քոնկրեսականներ՝ ներառեալ Աննա Էշու, Հաուըրտ Պըրմըն, Պրետ Շըրմըն, Ճուտի Չու եւ Էտըմ Շիֆ, նման յայտարարութիւններ կատարած էին վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, ամերիկահայութեան եւ յատկապէս Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ հայութեան անունով երախտագիտութիւն յայտնած է Քոսթային՝ շեշտելով, թէ ան իր այս յայտարարութեամբ դարձեալ ցոյց տուած է, թէ մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան եւ տագնապները խաղաղ միջոցներով լուծելու ընտրանքին նեցուկ կանգնող քինկրեսական մըն է: