Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Աֆղանիստանի, Փաքիստանի ու ընդհանրապէս ամերիկեան ուժեր «հիւրընկալող» երկիրներու մէջ յաճախակի դարձած ձախաւերութիւններն ու անմեղ զոհեր պատճառող միջադէպերու բազմացումը նկատի ունենալով, ամերիկեան իշխանութիւնները կը մտածեն (եղեր) յատուկ յանձնախումբ մը կազմել Սպիտակ Տան, պաշտպանութեան ու արտաքին գործոց նախարարութեանց ներկայացուցիչներէն, դիմակալելու համար ստեղծուած անախորժ կացութիւնները։
Յանձնախումբին պիտի թելադրուի (եղեր) գործել հետեւեալ տրամաբանութեամբ.- Ստեղծել պաշտօնական բանբերներու դասակարգ մը, որուն պարտականութիւնը ըլլայ իւրաքանչիւր ձախաւեր ու անբաղձալի միջադէպէ ետք, ներողութիւն խնդրել զոհերէն, անոնց ընտանիքներէն ու խնդրոյ առարկայ իշխանութիւններէն։ Ծրագիրը նկատի ունի նաեւ այն հաւանականութիւնը, որ ամերիկեան ուժեր մօտիկ կամ հեռու ապագային կրնան «հիւրընկալուիլ» նոր երկիրներու մէջ…
Ներողութեան հայցի ցանկը արդէն սկսած է երկարիլ. վերջին շրջանին արձանագրուած են հետեւեալները.-
– Ներողութիւն՝ առանց օդաչուի օդանաւերով կատարուած ռմբակոծումներու անմեղ զոհերուն համար։
– Ներողութիւն՝ սահմանային զօրակայանի մը վրայ կատարուած յարձակումի մը զոհ գացած դաշնակից զինուորներուն համար։
– Ներողութիւն՝ իսլամներու սրբազան աղօթագիրքէն՝ «Քուրան»էն տգիտաբար հրկիզուած օրինակներուն համար։
– Ներողութիւն՝ աֆղաններու վրայ ամերիկացի զինուորի մը կրակ բանալուն ու ներառեալ մանուկներու սպանդին համար։
– Ներողութիւն՝ սպանեալ զինեալներու վրայ ամերիկացի զինուորներու միզելուն համար։
– Ներողութիւն…
Նման յանձնախումբի մը կազմութեան յանձնարարութիւններ պիտի կատարուին (եղեր) նաեւ Իսրայէլի ու Թուրքիոյ պէս դաշնակիցներու։ Ցանկին վրայ կրնայ աւելնալ Եմէնի անունը։
Այս ծրագիրը, արտաքին-յարաբերական իր երեսին կողքին, նաեւ պիտի նպաստէ (եղեր) Միացեալ Նահանգներու մէջ… անգործութեան համեմատութիւնը վար բերելու ճիգերուն։