
Կարգ մը մտաւորականներ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են «Նարեկացի» արուեստի միութեան նախագահ եւ Հայաստանի մէջ գործող «Ճի. Էյչ. Սթորէյճ Ինթըրփրայզ» ընկերութեան տնօրէն, սփ-իւռքահայ Նարեկ Յարութիւնեանի վերաբերող հարցերուն գծով։ Անոնք իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Ն. Յարութիւնեանին։
Իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են բեմադրիչ Քարլա Կարապետեան, դերասան Վարդան Պետրոսեան, երաժիշտ Արէտ Մադիլեան, երգիչ Սերժ Թանքեան, Փարաջանովի տուն-թանգարանի տնօրէն Զաւէն Սարգսեան, երաժիշտ Ռուբեն Հախվերդեան, երաժիշտ Ճոն Եօդեանը, արուեստագէտ, արուեստասէր Դանիէլ Արաբեան, երաժիշտ Վահան Արծրունի, շարժանկարի բեմադրիչ Վիգէն Չալդրանեան, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան:
Տուրքերէ խուսափած ըլլալու ամբաստանութեամբ Նարեկ Յարութիւնեան երեք օրուան համար բանտարկուած էր Երեւանի մէջ։