ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- ԵԱՀԿն Մայիսին կայանալիք Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի չհսկէ, սակայն պիտի ուղարկէ ԵԱՀԿ-Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ) աւելի քան 250 դիտորդներ՝ հետեւելու Հայաստանի մէջ արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու կայացման։
Այս մասին 15 Մարտին յայտարարութիւն կատարած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Օննօ Սիմընզը՝ ժողովրդավարական ընտրութիւններու կայացման աջակցելու ԵԱՀԿի եւ ԵՄի ծրագիրներու բացման հանդիսութեան ընթացքին։
Ան յայտարարած է, որ եթէ Հայաստանը ընտրական քննութեան չյաջողի, ԵՄի հետ համագործակցութեան պայմանագիրը կը դադրի։
Այս պայմանագիրին մէջ կ՛արտացոլան տնտեսական, ուժանիւթի եւ այլ մարզերու մէջ համագործակցութեան ուղղութիւնները: Համաձայնութեան նպատակն է քաղաքական զուգորդութիւն հաստատել եւ ԵՄի հետ համագործակցող երկիրներուն աստիճանական տնտեսական համարկում ապահովել: Համաձայնագիրին մէջ ներառուած է նաեւ խորքային եւ համակողմանի ազատ տնտեսական գօտիի վերաբերող կէտը։ Հայաստանի եւ ԵՄ միջեւ բանակցութիւնները՝ այս համաձայնագիրին վերաբերեալ, մեկնարկած են 19 Յուլիս 2010ին: