Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Շնչառական համակարգը (respiratory system) կազմուած է երկու բաժիններէ՝
Ա. Վերին շնչառական համակարգ
Բ. Վարին շնչառական համակարգ:
Վերին շնչառական համակարգը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ ենթաբաժինները՝
Քիթ, քթա-ըմբան (nasopharynx), ըմբան (oropharynx), ենթա-ըմբան (hypopharynx ), բերան եւ խռչափող (larynx).
Վարին շնչառական համակարգը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ ենթաբաժինները՝
Ա. Շնչափող (trachea)
Բ. Երկու ցնցուղներ (bronchi)
Գ. Ցնցղիկներ (bronciols)
Դ. Թոք
Շնչափողը 10-12 սմ. երկարութեամբ խողովակ մըն է, որ կազմուած է 10-12 կլորակաձեւ աճառային հիւսուածքէ: Ան կը բաժնուի երկու մասի՝ աջ եւ ձախ ցնցուղներու, որոնք կ՛ուղուին դէպի աջ եւ ձախ թոքերը: Ցնցուղները նոյնպէս ունին աճառային հիւսուածք: Աջ ցնցուղը աւելի լայն է քան ձախ ցնցուղը, սակայն անոր երկարութիւնը ձախ ցնցուղին կէսն է: Աջ ցնցուղը ունի 2.5 սմ. երկարութիւն, իսկ ձախ ցնցուղը՝ 5 սմ. երկարութիւն: Ձախ ցնցուղը կը բաժնուի երկու ցնցղիկներու ձախ թոքին երկու բլթակներուն (lobes) համար, իսկ աջ ցնցուղը կը բաժնուի երեք ցնցղիկներու աջ թոքին երեք բլթակներուն համար: Ցնցղիկները բաժնուելով մանրացնցղիկներու կը հասնին թոքի միլիոնաւոր թոքախորշիկներուն (alveoli):
Թոքը բաժնուած է երկու մասի՝ աջ եւ ձախ թոքերու: Ձախ թոքը կազմուած է երկու բլթակներէ իսկ աջ թոքը կազմուած է երեք բլթակներէ: Թոքը իր ամբողջութեան մէջ կակուղ, սպունգի նման արաձքական օրկան մըն է եւ կազմուած է միլիոնաւոր խորշիկներէ, որոնք կը կոչուին թոքախորշիկներ: Անոնք շրջապատուած են նրբանօթներով (capillaries): Թոքախորշիկները արտաքին աշխարհին կապուած են ցնցղիկներով, ցնցուղներով եւ շնչափողով:
Թոքը շրջապատուած է թաղանթով մը, որ կը կոչուի թոքաթաղանթ (pleura): Ան բնական պայմաններու մէջ բակած կը մնայ թոքի արտաքին երեսին: Թոքաթաղանթը կը բաժնուի թոքի մակերեսէն զանազան պատճառներով եւ այս բաժանումը կը ստեղծէ պարապութիւն մը թոքի եւ թոքաթաղանթի միջեւ: Թոքի կամ թոքաթաղանթի հարուած-պատրուածքով ստեղծուած այս պարապութեան մէջ կը կուտակուի օդ (pneumothorax), որ կը ճնշէ թոքին վրայ եւ կը յառաջացնէ շնչառութեան դժուարութիւն՝ շնչահեղձութիւն (dyspnea):
Շնչառութեան (respiration) հիմնական նպատակն է՝ մարմինին հաթայթել թթուածին եւ մարմինը ձեռբազատել ածխածինի երկօքսիտէն (CO2):
Շնչառութիւնը կը սկսի ծնունդէն անմիջապէս ետք եւ կը շարունակուի ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ան տեղի կ՛ունենայ անգիտակցաբար եւ անընդհատ: Սակայն մենք կրնանք գիտակցաբար եւ կամովին ընդհատել շնչառութիւնը եւ ապա վերսկսիլ շնչել:
Շնչառութիւնը կ՛ամբողջանայ երկու գործընթացներով՝
Ա. Մեքենական գործընթաց.
Բ. Բնախօսական (physiologic) գործընթաց.
Ա. Մեքենական գործընթացը կը կատարուի երկու միջոցառումներով՝
ա. Ներշնչում (inspiration), որ գործօն (active) միջոցառում մըն է.
բ. Արտաշնչում (expiration), որ կրաւորական (passive) միջոցառում մըն է:
Ներշնչումով մեր շրջապատի օդը կը հասնի թոքախորշիկներ, իսկ արտաշնչումով թոքախորշիկներուն մէջ գտնուած օդը կ՛արտաքսուի թոքերէն դուրս:
Ներշնջումը եւ արտաշնչումը կրնան ըլլալ քթային կամ բերանային: Այսինքն կրնանք ներշնչել եւ արտաշնչել բերանէն կամ քիթէն:
Քթային ներշնչումը կը սկսի քիթէն: Արտաքին աշխարհի օդը քիթին մէջ տաքնալէ, խոնաւնալէ եւ մասամբ մը մաքրուելէ ետք քիթի աղուամազերով կ՛անցնի քթաըմբանէն, ըմբանէն, ենթաըմբանէն, խռչափողէն, շնչափողէն, ցնցուղներէն, ցնցղիկներէն եւ վերջապէս կը հասնի թոքախորշիկներ: Իսկ բերանային ներշնչումը կը սկսի բերանէն եւ արտաքին աշխարհի օդը նոյն ընթացքով կը հասնի թոքախորշիկներ:
Արտաշնչումով թոքախորշիկներու մէջ գտնուած օդը կ՛ուղղուի հակառակ ուղղութեամբ եւ վերջապէս կ՛արտաքսուի բերանէն կամ քիթէն:
Բնական մէկ ներշնչումով թոքերուն մէջ կը մտնէ մօտաւորապէս 500 մլ. օդ:
Ներշնչումը եւ արտաշնչումը կը գործադրուին երկու ձեւերով՝
1. Որովայնային (abdominal)
2. Կրծքավանդակային (chest wall):
Որովայնային ներշնչումի ընթացքին ստոծանին (diaphragm) կ՛ուղղուի դէպի վար. իսկ կրծքավանդակային ներշնչումի ընթացքին կրծքավանդակի մկանները կ՛ընդլայնին եւ կողնոսկրները (ribs) կը շարժին դէպի դուրս՝ առիթ տալով թոքերուն, որ ընդլայնին եւ ընդունին ներշնչուած օդը:
Որովայնային արտաշնչումի ընթացքին ստոծանին կ՛ուղղուի դէպի վեր, իսկ կրծքավանդակային արտաշնչումի ընթացքին կրծքավանդակի մկանները կը կծկուին եւ կողնոսկրները կը շարժին դէպի ներս՝ առիթ տալով թոքերուն, որ կծկուին եւ մղեն օդը դէպի արտաքին աշխարհ:
Մեզմէ շատեր կամովին կրնան կասեցնել շնչառութիւնը շատ կարճ ժամանակով: Ակամայ ժամանակաւոր շնչադադար (apnea) կը պատահի վերին շնչարական համակարգի զանազան հիւանդութիւններով:
Բ. Բնախօսական գործընթաց.
Բնախօսական գործընթացը տեղի կ՛ունենայ թոքախորշիկներուն մէջ:
Ներշնչուած եւ թոքախորշիկներ հասած օդը բնական պայմաններու մէջ կը պարունակէ թթուածին, բորակածին (nitrogen), ջուր եւ քիչ քանակութեամբ ածխածինի երկօքսիտ:
Թոքախորշիկներուն մէջ տեղի կ՛ունենայ օդի թթուածինին եւ թոքախորշիկներու շուրջը գտնուող նրբանօթներու արեան ածխածինի երկօքսիտի փոխանակումը: Թթ-ուածինը կը խուժէ արեան շրջագայութեան մէջ իսկ ածխածինի երկօքսիտը կը մտնէ թոքերէն ներս: Ներշնչուած օդը կը կորսնցնէ թթուածինը եւ փոխարէն կը ստանայ ածխածինի երկօքսիտը: Հետեւաբար արտաշնչուած օդը կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ ածխածինի երկօքսիտ եւ պզտիկ քանակութեամբ թթուածին:
Թոքերու նրբանօթներու արիւնը հարստանալէ ետք թթուածինով կը հասնի աւելի մեծ զարկերակներու, ուր արեան ներկանիւթը (hemoglobin) կ՛իւրացնէ թթուածինը եւ թթուածինով յագեցած արիւնը շնորհիւ արեան շրջագայութեան կը հասնի մարմինի բոլոր բջիջներուն: Բջիջային նիւթափոխանակումի (metabolism) ընթացքին մարմինի բոլոր բջիջներուն մէջ արտադրուած ածխածինի երկօքսիտը կը փոխանակուի նորահաս թթուածինով:
Ածխածինի երկօքսիտով հարուստ արիւնը վերադառնալով կը հասնի վերջապէս թոքախորշիկներուն շուրջը, ուր տեղի կ՛ունենայ թթուածինի եւ ածխածինի երկօքսիտի փոխանակումը:
Ներշնչուած եւ արտաշնչուած օդը կը պարունակէ նոյն չափով բորակածին, որ կը ծառայէ որպէս թթուածինի նօսրացուցիչ (diluent): Արտաշնչուած օդը աւելի տաք է քան ներշնչուածը: Արտաշնչուած օդը կ՛ունենայ մարմինի տաքութիւնը եւ յագեցած (saturated) կ՛ըլլայ ջուրով: Իսկ ներշնուած օդին ջերմութիւնը կ՛ըլլայ աւելի նուազ քան մարմինինը եւ աւելի քիչ ջուր կը պարունակէ քան արտաշնչուած օդը: Հետեւաբար շնչառութեան ընթացքին մարմինը կը կորսնցնէ որոշ քանակութեամբ ջերմութիւն եւ ջուր: Մարմինի ընդհանուր ջերմակորուստին (heat dissipatin) 10 տոկոսը տեղի կ՛ունենայ թոքերուն մէջ շնչառութեան ընթացքին:
Շնչառութեան գործընթացը կախեալ է՝
1. Թոքերու արաձգականութենէն,
2. Շնչառական խողովակներու մէջ գտնուող օդի շարժման արագութենէն եւ թաւալումէն,
3. Կրծքավանդակի, միջկողային (intercostal) մկաններու եւ ստոծանիի առողջ գործելակերպէն:
Արագ շնչառութեան ընթացքին օգնութեան կը հասնին վիզի եւ կրծքավանդակի մկանները:
Շնչառութիւնը կը ղեկավառուի ջղական դրութեան ինքնակարգաւորիչ (autonomic nervous system) համակարգով: Այս կեդրոնը կը գրգռուի երբ մարմինի բջիջները թթուածինի աւելի պահանջք ունենան, մասնաւորապէս մարզանքի եւ ծանր աշխատանքի ընթացքին: Հետեւաբար այս կեդրոնը անմիջապէս կը հրահանգէ շնչառական համակարգին որպէսզի շնչառութիւնը արագնայ:
Շնչառութեան յաճախականութեամբ թթուածինով հարուստ աւելի օդ կը հասնի թոքախորշիկներուն, ուր աւելի ուժգնութեամբ թթուածինի եւ ածխածինի երկօքսիտի փոխանակում տեղի կ՛ունենայ, արեան շրջագայութիւնը կը հարստանայ թթուածինով եւ մարմինի բջիջները կը յագենան թթուածինով:
Շնչառական համակարգը կրնայ մարմինին հայթայթել ամէն վայրկեան 200 մլ. թթուածին: Շատ ծանր աշխատանքի եւ մարմնամարզանքի ընթացքին մարմինին կը հայթայթուի մօտաւորապէս 2000 մլ. թթուածին:
Շնչառութիւնը ունի երկու յատկութիւններ՝ տեւողութեան չափը (amplitude) եւ յաճախականութիւն (frequincy), որ բնական պայմաններու մէջ կ՛ըլլայ 16-18 շնչառական շարժում մէկ վայրկեանի մէջ: Մենք օրական կը շնչենք մօտաւորապէս 20000 անգամ: Շնչառութեան յաճախականութիւնը կը բարձրանայ, այսինքն՝ շնչառութիւնը արագ կ՛ըլլայ ակամայ (involuntary) կամ կամովին (voluntary): Ակամայ արագ շնչառութիւն տեղի կ՛ունենայ մարզանքով, ֆիզիքական ծանր աշխատանքով, մարմնական բարձր ջերմով, զգացական (emotional) անակնկալ իրադարձութիւններով եւ զանազան հիւանդութիւներով: Շնչառութիւնը ամբողջովին կը դադրի զանազան հիւանդութիւններու հետեւանքով:
Բնական շնչառութիւնը կ՛իրականանայ վերին եւ վարի շնչարական համակարգերու առողջ գործունէութեամբ: Վերին եւ վարի շնչառական համակարգի խցումով կը յառաջանայ շնչահեղձութիւն: Որեւէ մէկ հիւանդութիւն, որ արգելք կը հանդիսանայ թոքախորշիկներու թթուածինով հարուստ օդի մատակարարումին կը յառաջացնէ թթուածինի եւ ածխածինի երկօքսիտի փոխանակման դանդաղում, որուն հետեւանքով կը տեսնուի մարմնի կապտութիւն (cyanosis), այսինքն՝ ածխածինի երկօքսիտի կուտակում մարմինին մէջ:
Վերին շնչառական համակարգի հիւանդութիւններ, որոնք կրնան յառաջացնել շնչահեղձութիւն հետեւեալներն են՝ քիթի խցում, ըմբանային (pharynx) ուռեր, խոշոր-համբուրող նշիկներ (kissing tonsils), հարբուխ, կռիփ (influenza), խռչափողի եւ շնչափողի հիւանդութիւններ:
Վարի շնչառական համակարգի հիւանդութիւններ, որոնք շնչահեղձութիւն կրնան յառաջացնել հետեւեալներն են՝ թոքատապ (pneumonia), թոքային անօթախցում (pleural embolism), ցնցղատապ (bronchitis), ցնցղիկատապ (bronchiolitis), փքռոյց (emphysema), ցնցուղներու կծկում (spasm), մնայուն շնչահեղձութիւն (asthma), օտար մարմիններու եւ թունաւոր կազերու ներշնչում եւ քաղձկեղ:
Շնչահեղձութիւն կը յառաջանայ նաեւ մարմնական շատ մը հիւանդութիւններով, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝
1. Սրտային հիւանդութիւններ՝ սիրտի կաթուած (MI, myocardial infarction), փորոքային (ventricular) անբնական աշխատանք եւ սրտապարկային զեղում (pericardial effusion).
2. Արեան տկարութիւն (anemia)
3. Քունի շնչադադար (sleep apnea):