ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Խստապահանջութիւնը բծախնդրութեան հետ կը համեմատուի շատ անգամ: Դրական այս երեւոյթին դիմաց, սակայն, պէտք է նկատի ունենալ նաեւ մարդոց կարողութիւնները: Ամէն մարդ նոյն կարողութեամբ չի՛ ծնիր այս աշխարհի մէջ: Այս հաստատումին կրնայ արձագանգել ամէն մարդ, նոյնիսկ ամէնէն

ինքնավստահը, որ կամքի թուլութիւն չի՛ ճանչնար, այլ ամէն միջոց կ՛որոնէ նպատակին հասնելու համար: Սակայն, զօրաւոր այդ կամքով պրկուած անձերն ալ պահ մը կ՛անդրադառնան, երկա՜ր ու անդո՜ւլ աշխատանք տանելէ ետք, որ տուեալ աշխատանքը որուն ձեռնարկած են, իրենց կարողութենէն վեր է:
Վերոյիշեալ կացութենէն տարբեր է անշուշտ այն, երբ մարդիկ գիտնալով հանդերձ թէ տուեալ անձը պիտի չկարենայ գլուխ հանել գործը, տակաւին կը շարունակեն խստապահանջ ըլլալ, պնդել՝ որ կատարէ ու իր աւարտին հասցնէ զանիկա: Այս պարագային, անշուշտ, գործի ղեկավարման յատուկ մասնագիտութեան անտեղեակ, կամ՝ բռնատիրական վարչակարգով գործող պատասխանատուներու կամքին յանձնուած ընկերութեան զոհ կը դառնան ենթակայ անձեր, երբեմն չկարենալով նոյնիսկ արտայայտուիլ իրենց իրավիճակին մասին:
Երկրորդ մակարդակի վրայ կու գայ այն պարագան, երբ ենթական ինք, տարբեր պատճառներով, չի՛ կրնար բացասական մօտեցում ցուցաբերել, եւ անկեղծօրէն յայտարարել, թէ առաջարկուածը իր կարողութենէն վեր է: Ոմանք այնպէս կը խորհին, թէ ամէն ինչ կրնան ընել: «Ինչու Ամենակարող Աստո՞ւած եղար», պիտի ըսէին անոր իր բարեկամները: Եթէ չես կրնար՝ ըսէ՛ չեմ կրնար: Համեստութիւնը՝ չափը գիտնալուն մէջ է, եւ ճիշդ պահուն յայտնելու, թէ անկարելի է նման աշխատանքին իր կողմէ կատարումը:
Քաջալերող խրատատուներու միշտ կարելի է հանդիպիլ: Անոնք երբեմն ճշմարտութիւնը իմանալով հանդերձ, կը շարունակեն յուսադրել գործը ստանձնած մարդիկը, պարզապէս կարելին ստանալու մտադրութեամբ: Սակայն, իրենց յուսադրիչ խօսքերուն այնքան բարձր թիւ կու տան, որ անոնցմով գօտեպնդուող մարդը եթէ կէսն իսկ իրագործէ, դարձեալ շահաւոր դուրս գան բոլորը:
Այդ յուսադրիչ խօսքերուն ամէնէն զօրաւորը, ամէնէն բարձր նիշ ապահովողը՝ «Անկարելի բան չկայ» գօտեպնդիչ խօսքն է: Այս խօսքը ըսողներ, պարզապէս քաջալերական արտայայտութեամբ կ՛ուզեն յոյս ներշնչել անյոյս մարդուն: Երբեմն անոնք շատ լաւ կը ճանչնան անձը, անոր կարողութեանց սահմանափակ ըլլալը, նոյնիսկ անկարող ըլլալը, սակայն դարձեալ իրենց բարոյական խրախոյսը բարձրագոյն մակարդակի վրայ կը ներկայացնեն տկարին: Սա բարոյական հենք կը դառնայ մինչեւ իսկ անկարին, որ յաւելեալ ճիգ թափելով, պարզապէս ծուլութեան եւ յուսահատութեան վերարկուն կը թօթափէ, ու իր կեանքը շարժումի մէջ կը դնէ առերեւոյթ:
Հաւաքականութեան կեանքէն ներս գործի բաժանումը յաճախ պատահականութեան կը թողնուի: Աշխարհ կ՛ընթանայ դէպի մասնագիտութիւն, բայց դեռ շա՜տ հաւաքականութիւններ կը սիրեն մնալ «տաքցո՛ւր, կպցո՛ւր»ի հապճեպ արարքներու դիւրաբեկ վիճակներուն մէջ:
Կ՛ապրինք այնպիսի դարու մէջ, ուր մասնագիտութեան մասնագիտութիւնը կը փնտռուի: Բժիշկը այսօր այնքան շատ անուններով կը ներկայանայ մարդկութեան, ինչքան բջիջներ ունի մարդկային մարմինը: Մասնագիտութիւնները կոտորակուած են, ու խոշորացոյցով կարելի է դիտել անոնց աշխատանքը: Մէկ անձի համար, այս դարուն, մէկ մասնագիտութի՛ւնն իսկ շատ է, ու թերեւս երկրորդ կեանք պէտք է ունենայ ան, աւելի խորացնելու համար իր միակ մասնագիտութեան ծանօթութիւնը: Իսկ անցեալին, մէկ անձ կրնար մի քանի մասնագիտութեան ծանօթութիւն ունենալ, անշուշտ իւրաքանչիւրին մասին հիմնական գիտելիքներ միայն ամբարած ըլլալով: Այսօր «ոտքի մասնագէտ բժիշկ» ըսելով չենք հասկնար այն բժիշկը, որ մարդկային մարմնին զիստէն մինչեւ ճկոյթ մատը երկարող մասին մասնագիտութիւնը ուսանած է, այլ՝ կայ կոնքի բժիշկը, ծունկի յատուկ բժիշկ, կրունկի եւ մատներու բժիշկ, յօդերու բժիշկ, եւայլն:
Օրինակները միշտ աւելի խօսուն են, քան սահմանումներու չոր նախադասութիւնները: Ահաւասիկ մէկ օրինակ գիւղական հաւնոցի առօրեայէն քաղուած.
Գիւղացին երբ հաւնոց մտնէ, հաւկիթները հաւաքելու համար հաւերուն կը մօտենայ: Պատահեցաւ, որ մեծամիտ քաղաքացին այդ գիւղը այցելելով նախաճաշի համար հաւկիթ ուզեց ուտել: Հաւնոց մտնելով տեսաւ, որ արդէն իրմէ առաջ ուրիշներ հաւաքած են հաւկիթները: Իսկ ներսի թռչնազգիները դուրս ելած են կտկտալու: Հաւնոցին մէջ տեսաւ թռչնազգի մը, որուն աքլոր ըլլալէն անտեղեակ, սկսաւ ստիպել որ հաւկիթ ածէ:
Աքլորը նախ բարկանալով այցելուին աջ ու ձախ նետած հայեացքներէն, ու շուարած քայլերէն, սակայն յետոյ տեսնելով որ գիւղական կեանքին անտեղեակ տգէտ քաղաքացի մըն է, բարձրաձայն աղաղակելով ծիծաղեցաւ, ու ըսաւ.
_ Եղբա՛յր, բնութեանս մէջ չկայ ատիկա: Հաւ չե՛մ, որ կարենամ հաւկիթ ածել:
Այս աքլորին պատգամը ամէն դարաշրջանի եւ ամէն տեղ ապրող մարդոց ականջին տակ պէտք է պոռալ: Երբեմն գիւղերուն մէջ ապրող գիւղացիներն ալ «նոյն սխալը» կը գործեն, նստած աքլորներուն տակ մտցնելով իրենց ձեռքը, տեսնելու թէ ածա՞ծ են այդ օր: Բնութեան դէ՞մ պիտի պայքարիս: Անոր բնութեան մէջ չկայ հաւկիթ ածել: Դեռ ինչո՞ւ զուր տեղ կը պահանջես անկէ, քեզի հաւկիթ տալ:
Խստապահանջութիւնը լաւ է, սակայն միշտ պէտք է տուեալ անձին կարողութեանց չափը նկատի ունենալ: Այլապէս պահանջողը աւելի՛ ծիծաղի առարկայ կը դառնայ, քան ան՝ որ իրմէ անկարելին կը պահանջուի:
Ճանաչողութիւնը, շրջապատիդ մէջ գտնուող անձերուն առումով, լաւագոյն միջոցն է վերոյիշեալ խայտառակութենէն ձերբազատուելու: Որովհետեւ շատեր աքլորին գիտակցութիւնը չեն ունենար, ո՛չ ալ անոր խրոխտ նկարագիրը, դիմացդ կենալով յստակօրէն ըսելու, թէ՝ իրենց կարողութենէն վեր է տրուած գործը: Այս պարագային ժամանակի վատնումը երբեմն անդառնալի ու անսրբագրելի հետեւանքներու դուռ կը բանայ: Ժամանակի մսխում, ոյժի ցրւում, ուշադրութեան տարտղնում, եւ ամէնէն սոսկալին՝ աշխատանքի ամլութիւն:
Զուր տեղ չէ՛ ըսուած. «Ալիւրդ փռապանին տուր, նոյնիսկ եթէ գիտես թէ անոր կէսը իրեն պիտի պահէ»: Հացթուխը գիտէ թէ կրակը ինչքան ուժգնութիւն պէտք է ունենայ, որպէսզի հացը չայրի: Իսկ մասնագիտութիւն չունեցողներ երբ «մեծ-մեծ ջարդեն», ո՛չ միայն հացը կ՛այրի, այլ փուռին շուրջը գտնուողներուն դէմքերն ալ կ՛այրին ու կ՛այլափոխուին:
Աքլորին պատգամը պէտք է հնչէ ամէն մարդու ականջին, որպէսզի իր կարողութեանց չափը գիտնայ, ու չյանդգնի անկարելիին: Եղբա՛յր, եթէ բնութեանդ մէջ չկայ ածել, պարզապէս ըսէ՝ չեմ կրնար ածել: