ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Թուրքիոյ իշխանութեանց հաւանութեամբ Մալաթիա քաղաքին մէջ տեղակայուած ՆԱԹՕի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգին իսկական թիրախը ոչ թէ Իրանն է, այլ՝ Ռուսիան:
Ըստ թրքական «Ճիհան» լրատուական գործակալութեան՝ Լաւրով այս յայտարարութիւնը կատարած է «Քոմերսան» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Լաւրով ըսած է նաեւ, որ եթէ համակարգին թիրախը Իրանը ըլլար, ապա անոր կարիքը պիտի չզգացուէր, որովհետեւ Ամերիկա շրջանին մէջ արդէն ունի Իրանին հետեւելու կարողութիւն ունեցող նման համակարգ մը: