ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Պաքուն որոշած է Իրանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ անջատողականութիւն քարոզող պատկերասփիւռի կայան մը ստեղծել, ինչ որ կրնայ Իրան-Ատրպէյճան լարուած յարաբերութիւնները աւելիով վատթարացնել: Պաքու կը պնդէ, թէ «Միացեալ Ատրպէյճան» կոչուող նոր կայանը կը ստեղծուի դէմ դնելու համար «Ատրպէյճանի դէմ աշխատող» իրանեան «Սահար» կայանին: Ըստ «Ենի Մուսաւա»չի, նման կայան մը ստեղծելու նպատակը Իրանի դէմ տեղեկատուական պատերազմ տանիլ է:
Միւս կողմէ, Իրանի Արեւելեան Ատրպատական շրջանի հոգեւորականներու խորհուրդի անդամ այաթոլլա Մոճթահետ Շապիսթարի քննադատած է Ատրպէյճանի մէջ իսլամութեան դէմ առնուող քայլերը եւ «խրատած է» Ատրպէյճանի կառավարութեան, որ «դասեր քաղէ Քազաֆիի եւ Մուպարաքի ճակատագիրէն»: