
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռապըրթ Պրատթքի, ԵԱՀԿի 20ամեակին առթիւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի եւրոպական ծառայութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին ամփոփած է Մինսկի խումբի գործունէութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին առնչութեամբ՝ ըսելով, որ կողմերը իրենց կարծածէն աւելի մօտ են հակամարտութեան կարգաւորման:
«Ես կը կարծեմ Մինսկի խումբը կարեւոր բաներ ըրած է այս ընթացքին: Նախ ան նպաստած է կայունութեան հաստատման եւ լարուածութեան թուլացման: Օգնած ենք կանխելու նոր պատերազմի յառաջացումը, եւ եթէ անգամ 1994էն ետք հրադադարի խախտումներ տեղի կ՛ունենան, օգնած ենք, որ անոնք աւելի լուրջ բանի մը չվերածուին: Կողմերը հնարաւորութիւն չունին իրարու հետ ուղիղ հաղորդակցելու, ուստի երբ մենք կը մեկնինք տարածաշրջան, կը հանդիպինք անոնց հետ եւ կը փորձենք օգնել, որ կողմերը զիրար աւելի լաւ հասկնան», ըսած է ան:
Պրատթքի նաեւ կարեւոր համարած է այն, որ անցնող տարիներուն ընթացքին բանակցութիւններու համար ընդհանուր հիմքեր գտնուած են, մշակուած են հիմնարար սկզբունքներ, օրինակ՝ ԼՂի յարակից տարածքներու վերադարձը Պաքուին, տեղահանուած մարդոց վերադարձ, ԼՂի համար միջանկեալ կարգավիճակ՝ անվտանգութեան եւ ինքնակառավարում ունենալու երաշխիքներով, եւ միջանցք, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը կապէ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ հետագային ԼՂի իրաւական կարգավիճակի տրամադրում:
«Մենք դեռ յաջողութեան չենք հասած», ըսած է ան՝ կարեւոր նկատելով Ռուսիոյ նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին Սոչիի մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն ըրած յայտարարութիւնը:
Այն հարցումին, թէ կարելի՞ է ըսել, որ տուեալ պահուն ԼՂ կարգաւորման հարցը աւելի մօտ է քան էր 20 տարի առաջ՝ Պրատթքի պատասխանած է. «Անկասկած, մենք անոր աւելի մօտ ենք այսօր, քան 20 տարի առաջ: Կողմերը հասկցած են, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ըլլայ վերջնական կարգաւորումը: Այդ տարրերը ներառուած են Լաքուիլայի, Մուսկուայի եւ անցեալ տարի Տովիլեան համաժողովներուն մէջ: Այդ տարրերը հիմա աւելի պարզ են, քան եղած են երբեւէ:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ որոշ փորձագէտներ կը կարծեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը փակուղիի մէջ է, եւ Մինսկի խումբը նոր մօտեցումներու կարիք ունի՝ Պրատթքի պատասխանած է, թէ խնդիրը այն է, որ ասիկա շատ դժուար հարց է: «Տարբերութիւնները կողմերուն միջեւ շատ մեծ են եւ կայ վստահութեան պակաս: Այս խնդիրները տակաւին պիտի շարունակուին: Եւ ասիկա կողմերուն համար ընդունելի ձեւաչափ է», ընդգծած է Պրատթքի:
Անդրադառնալով Քազանեան հանդիպման՝ Պրատթքի նշած է, որ իրենք Քազանի հանդիպումէն ակնկալիքներ ունէին եւ կը կարծէին, որ յառաջընթաց պիտի ըլլայ, սակայն ոչինչ եղաւ: «Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ ամէն ինչ վերջացած է: Չի նշանակեր, որ մենք չենք ունեցած կէտեր, որոնց շուրջ կողմերը համաձայնութեան եկած են: Ես չեմ ուզեր շատ մանրամասնութիւններ յայտնել, որովհետեւ ասոնք շատ զգայուն բանակցութիւններ են, սակայն մենք հիմնարար սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան եկած ենք եւ ատիկա շատ լուրջ մարտահրաւէր է», ըսած է ան:
Այն դիտարկումին, թէ Սոչիի հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան ու Իլհամ Ալիեւ համաձայնութեան եկան ԵԱՀԿի հետ, միասնաբար քննելու սահմանին վրայ հրադադարի խախտման դէպքերը ուսումնասիրելու հարցը՝ Պրատթքի պատասխանած է. «Ատիկա իրականութեան մէջ անցեալ տարուընէ քննարկուած էր: Մենք կողմերուն ներկայացուծած ենք քանի մը գաղափարներ՝ զանոնք կեանքի կոչելու համար: Ինչ կը վերաբերի հանրային շփումներուն՝ ես կը կարծեմ, որ անոնք ալ կարեւոր են: Երբ ետ կը նայինք անցեալ 20 տարիներուն, կը տեսնենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նոր սերունդը չունի անձնական շփում, ինչ որ կրնար նպաստել զիրար աւելի լաւ հասկնալու գործին: Սակայն այդ ձեւը արդիւնաւէտ չըլլար, եթէ կողմերը քաղաքական նպատակներ ունենան եւ քաղաքականացուած ըլլան: Պէտք է մարդիկը համախմբել՝ քննարկելու համար ընդհանուր խնդիրներ»:
Ռապըրթ Պրատթքի, իբրեւ օրինակ նշած է, որ կողմերուն միջեւ նման երկխօսութիւններ կրնան տեղի ունենալ, իշխանութիւններուն հետ համատեղ, քննարկելու համար ընդհանուր խնդիրներ, օրինակ՝ ջուր, գիւղատնտեսութիւն, ուժանիւթ…:
Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահը դարձեալ կրկնած է, որ «սթաթուս քուօ»ն անընդունելի է եւ պէտք է խնդիրին լուծումը գտնել: «Մենք պէտք է յառաջընթաց ունենանք այս հարցին առնչութեամբ: Մենք չենք կրանր ետ նայիլ եւ տեսնել, որ ունինք նոյն իրավիճակը, զոր ունէինք 20 տարի առաջ: Միակ բանը, որ շատ կարեւոր է, այն է, որ կողմերը աւելի մօտ են խնդիրի կարգաւորման, քան կը կարծեն անոնք: Վստահութեան պակասը կը դժուարացնէ այդ բոլորը տեսնելու գործը: Կողմերը պէտք է հասկնան, որ չեն կրնար հասնիլ խաղաղութեան, եթէ բան չտան եւ չստանան: Ասիկա ընելը դիւրին չէ: Եթէ մենք կարենանք այս տարի առաջ շարժիլ՝ ստեղծելու համար գործընկերութիւն, ապա ուրեմն կրնանք հասնիլ յառաջընթացի», ըսած է ան: