ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի կոչին ընդառաջելով՝ 30 քոնկրեսականներ իրենց աջակցութիւնը խոստացած են, 2013ի Միացեալ Նահանգներու պետական ամավարկի Արտաքին յատկացումներու օրինագիծին մէջ Հայաստանին տրամադրուելիք յատկացումները բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ Ջաւախքի ժողովուրդին ու Միջին Արեւելքի մէջ տեղահանուած հայերուն օժանդակութիւնները երաշխաւորելու նպատակով:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Ֆրենք Փալոն նամակով մը դիմած էր Ներկայացուցիչներու տան իր պաշտօնակիցներուն՝ անոնց ստորագրութիւնը ապահովելու համար: Ան 31 ստորագրութիւններով նամակը ղրկած է Ներկայացուցիչներու տան Պետական արտաքին գործողութեանց յատկացումներու ենթայանձանաժողովի ղեկավարութեան:
Նամակին հիմնական պահանջներն են.
– Առնուազն հինգ միլիոն տոլար նպաստ տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղին.
– Վրաստանի յատկացուող օժանդակութեան առնուազն 10 տոկոսը տրամադրել æաւախքի մէջ աշխատանքի կարելիութիւններ ստեղծելու ծրագիրներուն.
– Հայաստանին տրամադրել առնուազն 50 միլիոն տոլարի տնտեսական օգնութիւն.
– Յատուկ գումարներ տրամադրել Միջին Արեւելքի վերջին իրադարձութեանց հետեւանքով վնասներ կրած հայերու եւ քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութեանց օժանդակելու նպատակին.
– Աւելիով խստացնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնները սահմանափակող օրինագիծը.
– Պահանջել, որ Արցախի ղեկավարութիւնը եւս մասնակցի ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութեանց:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց քոնկրեսականներուն այս քայլը:
Փալոնի կողքին, նամակը ստորագրած քոնկրեսականներն են՝ Կերի Էյքըրմըն, Ճօ Պաքա, Շելի Պըրքլի, Հաուըրտ Պըրմըն, Պրուս Պրէյլի, Տէյվիտ Սիսիլին, Ճիմ Քոսթա, Ճօ Քրաուլի, Աննա Իշու, Չաքա Ֆաթահ, Պարնի Ֆրենք, Մայքըլ Կրիմ, Ռաշ Հոլթ, Ճիմ Լենկվին, Տէնըլ Լիփինսքի, Սթեֆըն Լինչ, Քերոլայն Մըլոնի, Էտ Մարքի, Պեթի ՄըքՔալըմ, Ճիմ ՄըքԿավըրն, Կրէյս Նափոլիթանօ, Կերի Փիթըրզ, Քոլին Փեթըրսըն, Լինտա Սանչեզ, Լորեթա Սանչեզ, Սթիւ Ռաթմըն, Պրետ Շըրմըն, Ճեքի Սփիր, Պապ Թըրնըր եւ Լին Ուլզի: