2002 թուականէն ի վեր Ատրպէյճան զէնք գնելու տարողութիւնը աւելցուցած է 164 տոկոսով՝ աշխարհի աւելի քան 100 պետութիւններու կարգին գրաւելով 38րդ դիրքը՝ գնուած սպառազինութիւններու քանակով։ Այս մասին կը վկայէ Սթոքհոլմի մէջ գործող Խաղաղութեան ուսումնասիրութեան միջազգային հիմնարկի (SIPRI) 19 Մարտին հրապարակուած զեկուցումը։
Ռազմական խնդիրներով, յատկապէս սպառազինութեամբ եւ զինամթերքի գնումներու պատկերի ուսումնասիրութեամբ զբաղող հեղինակաւոր վերլուծական կառոյցին տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճան սպառազինութեան լայնածաւալ գնումներ կատարած է յատկապէս Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ծագած վէճի պատճառով:
«Թէեւ Հայաստանի իշխանութիւնները՝ ի պատասխանի Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող զինամթերքի գնումներուն, կը յայտարարեն, որ իրենք եւս նմանատիպ գնումներ կ՛իրականացնեն, այնուհանդերձ, վերջին 10 տարիներուն գնուած սպառազինութիւններու քանակով Հայաստան նահանջած է», գրուած է զեկուցումին մէջ։ Ներածուած զէնքի եւ զինամթերքի ծաւալներով 2002 – 2006 թուականներուն Հայաստան 71րդ դիրքի վրայ էր, իսկ այսօր՝ 84րդ:
Ինչ կը վերաբերի դուրսէն ներածուող սպառազինութեան ծագման, ապա Խաղաղութեան ուսումնասիրութեան միջազգային հիմնարկի աշխատակիցները կը հաստատեն, որ պաշտօնական Պաքուին եւ Երեւանին զէնք ու զինամթերք վաճառող թիւ մէկ պետութիւնը Ռուսիան է։
«2007-2011 թուականներուն Ատրպէզճանի մատակարարուած զէնքին 55 տոկոսը ռուսական արտադրութիւն եղած է: Հայաստանի պարագային ռուսական զէնքի ներկայութիւնը աւելի մեծ է: Երեւանի կողմէ վերջին 4 տարիներուն ձեռքբերուած զէնքի ու զինամթերքի 96 տոկոսը ռուսական ծագում ունի», նշած են Խաղաղութեան ուսումնասիրութեան միջազգային հիմնարկի մասնագէտները։