ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Կարսի պատմական բերդի արտաքին պարիսպները եղանակային վատ պայմաններու եւ համապատասխան մարմիններու անուշադրութեան իբրեւ հետեւանք քանդուելու սկսած են։
Շրջանի բնակիչները այս մասին ահազանգած են՝ յայտնելով, որ եթէ բերդին պարիսպներն ու աշտարակը անմիջապէս չվերականգնուին, փլուզումը անխուսափելի կ՛ըլլայ։ Անոնց համաձայն, անհասկանալի է, թէ Կարսի բերդը ինչո՞ւ անուշադրութեան մատնուած է եւ քանդուելու դատապարտուած։
Բնակիչներուն համաձայն, պատերը սկսած են քանդուելու առատ տեղումներուն պատճառով։
«Ձիւնը եւ անձրեւը պարիսպի քանդման հիմնական պատճառներն են, քանի որ ձիւնի պատճառով բաւական մեծ փոսեր յառաջացած են: Երբ անոր վրայ կ՛աւելնայ համապատասխան պաշտօնեաներու անտարբերութիւնը, պարիսպներու եւ աշտարակի քանդուիլը անխուսափելի կ՛ըլլայ», կը բողոքեն անոնք:
Haberler կայքէջին համաձայն, Կարսի բերդի շրջակայքը գտնուող բազմաթիւ պատմական կոթողներ արդէն ոչնչացուած են գանձ որոնող խումբերու կողմէ։
Բնակիչները կը վկայեն, որ Կարսի բերդի շուրջը գտնուող բազմաթիւ յուշակոթողները գողութեան ենթարկուած կամ աւերուած են։ Գողերը նոյնիսկ շինութիւնները քանդած եւ քարերը թալանած են։
«Ատիկա կանխարգիլելու համար ոչ ոք քայլի մը դիմեց: Բերդի յետնամասին մէջ կը գտնուէին զինապահեստանոցը, աստիճանները, հողաշէն կառոյցները, երկյարկանի քարէ շինութիւնները, բոլորը թալանուած են: Այժմ կարելի է տեսնել միայն անոնց մնացորդները», հաստատած են անոնք։