ԵՐԵՒԱՆ, «Արմենիա Նաու».- Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 22 Մարտի իր նիստին ընթացքին որոշած է վառելանիւթ մատակարարող «Հայռուսգազարդ» ընկերութեան վճառումներ կատարել՝ անապահով ընտանիքներուն Հոկտեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն անոր տրամադրած վառելանիւթին համար։ Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեան նիստին ընթացքին նշեց, որ ընդհանուր առմամբ «Հայռուսգազարդին» կը վճարուի 204 միլիոն 872 հազար դրամ (շուրջ 527 հազար տոլար):
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի համաձայն, պիտի շարունակուի ընկերային ծանր պայմաններու տակ ապրողներու օժանդակութիւն ցուցաբերել, որպէսզի անոնք աւելի նուազ գիներով վառելանիւթ ստանան։ «Մինչեւ 300 խորանարդ մեթրի համար պետութիւնն այդ ընտանիքներին օժանդակութիւն է ցուցաբերում, եւ նրանց համար 1 խմ. գազն արժէ 100 դրամ (25 սենթ)՝ 132ի (33 սենթ) փոխարէն», նշած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ պայմանաւորուածութիւնները կը շարունակուին այս տարի եւս: