ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 22-24 Մարտին ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ (Երեւան) տեղի կ՛ունենայ ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչներու համահայկական խորհրդաժողով:a
Ժողովին ընթացքին պիտի ներկայացուին պատկան միութիւններու նախորդ միամեայ գործունէութեան մասին զեկուցումներ, անդրադարձ պիտի կատարուի միութիւններուն կատարած աշխատանքին եւ արձանագրած թերացումներուն, պիտի քննարկուին ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցներուն դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները, անոնց դերը Հայաստանի Ազգային ժողովի յառաջիկայ ընտրութիւններուն մէջ։ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու հայեցակարգին եւ քառամեայ ռազմավարական նպատակներուն համաձայն, պիտի մշակուի գործունէութեան ծրագիր:
Խորհրդաժողովի բացումէն առաջ՝ 22 Մարտի առաւօտեան մասնակիցները կ՛այցելեն Եռաբլուր եւ ծաղկեպսակներ կը զետեղեն զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն վրայ։ Մարտի 23ին ժամը 11:00 մասնակիցները պիտի այցելեն Ազգային ժողով: