ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց առաքելական Մայր եկեղեցւոյ տարեկան անդամական ժողովը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մարտ 4ին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ներկայութեամբ Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչներու՝ Սարգիս Շրիգեանի, շրջանիս ներկայացուցիչ Պիլ Սահաթճեանի, շրջանիս երեսփոխաններուն եւ 76 անդամ անդամուհիներու: Բացման աղօթքն ու խօսքը կատարեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ Վահան քահանայ Կոստանեան, ապա ան հրաւիրեց ներկաները, որ կատարեն ժողովի դիւանի ընտրութիւնը:
Միաձայնութեամբ ժողովի ատենապետ ընտրուեցաւ Ֆրենկ Պալըգեանը, իսկ ատենադպիր՝ Սրբուհի Մըսըրլեանը: Ժողովականներուն ներկայացուեցան օրուան օրակարգերը, որոնց իւրաքանչիւրին անդրադառնալէ եւ զանոնք վաւերացնելէ ետք, ժողովը զբաղեցաւ զեկուցումներով, որոնց պատճէնը երկու շաբաթ առաջ ղրկուած էր անդամ-անդամուհիներուն՝ զանոնք սերտելու եւ այս ժողովին անոնց մասին արտայայտուելու համար: Ժողովի ընթացքին եղան հարցադրումներ, որոնց սիրայօժար եւ սպառիչ ձեւով պատասխանեցին եւ անոնց մասին լուսաբանութիւններ տուին հոգաբարձութեան անդամները, ապա ժողովականները, լսելէ ետք հարցադրումներն ու տրուած լուսաբանութիւնները, գնահատանքով վաւերացուցին հոգաբարձութեան տարեկան գործունէութիւնը:
Տեղի ունեցաւ հոգաբարձութեան կազմի լրացուցիչ անդամներու ընտրութիւն: Իրենց պաշտօնը կը շարունակեն հետեւեալ անդամները՝ Հերի Մանուկեան, Յակոբ Քրիօղլեան, Վարուժան Տէր Սիմոնեան, Ռիչըրտ Պետոյեան եւ Փօլ Խաչիկեան. վերընտրուեցաւ Չեփ Դանիէլեան, իսկ նոր ընտրեալներն են՝ Մալվըն Գաբրիէլեան, Խաչիկ Միհրանեան եւ Հերի Պուչագլեան:
Տեղի ունեցաւ նաեւ երեսփոխաններու կազմի լրացուցիչ ընտրութիւն, եւ նոր երեսփոխան ընտրուեցաւ Մարք Շիրին:
Տէրունական աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով վերջ գտաւ անդամական ընդհանուր ժողովը, ուրախ մթնոլորտի մը մէջ: