
Դարմանումներու լաւագոյն միջոցառումները վարձատրելու նպատակով հաստատուած «Lingua Health Clinical Success» մրցումին այս տարուան առաջին դիրքը գրաւած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի աւարտական ուսանողուհի Թալին Աշըքեան, որ արտայայտուելու դժուարութիւն ունեցող երեխաներ դարմանելու գործին նուիրուած է:
Թալին Աշըքեան որոշած է նիւթական մրցանակը՝ 500 տոլարը, նուիրել երեխաներու մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրող կազմակերպութեան մը: Անոր յաղթանակին շնորհիւ, համալսարանը եւս 3000 տոլարի չափով նուէր մը ստացած է: