ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Անցնող շաբթուան ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգ. կեդրոնական վարչութեան կրօնական ու քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, թեմակալ առաջնորդներու, Ազգ. իշխանութեանց ներկայացուցիչներու ու Ազգ. կեդրոնական վարչութեան միացեալ հանդիպումներ, վեհափառին հետ թեմերու ներկայացուցիչներու առանձին հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ միաբանական հաւաք:
Յիշեալ հանդիպումներուն, վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ՝
ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր էութեամբ, գոյութեամբ ու նպատակով ծառայութիւն է մեր ժողովուրդին: Հետեւաբար, ան իր ծառայութիւնը պէտք է վերարժեւորումի ու վերածրագրումի ենթարկէ մնայուն կերպով՝ համաձայն մեր ժողովուրդի կարիքներուն, նոր մարտահրաւէրներուն ու յարափոփոխ պայմաններուն:
բ. Մեր եկեղեցին ժողովուրդի՛ն եկեղեցին է. ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ է որ ան ինքզինք պէտք է իրագործէ որպէս ծառայութիւն:
գ. Հոգեւորականը ու աշխարհականը կոչուած են սերտ ու ներդաշնակ գործակցութեամբ նոր կենսունակութիւն տալու եկեղեցւոյ ծառայութեան: Այս գիտակցութեամբ կը գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:
դ. Թափանցիկութիւնը ու հաշուետուութիւնը մեր Ս. Աթոռի գործին էական յատկանիշներն են. անոնք երբեք ստուեր պէտք չէ տեսնեն:
ե. Կաթողիկոսարան-թեմ ամբողջական գործակցութիւնը խիստ կենսական է, որովհետեւ Կաթողիկոսութիւնը մէկ ամբողջութիւն է:
Ստորեւ ամփոփ գիծերով կը ներկայացնենք մէկ շաբթուան վրայ երկարած ժողովական աշխատանքներուն ամէնէն յատկանշական կէտերը.
1. Ժողովական աշխատանքներուն մէկ կարեւոր բաժինը յատկացուեցաւ թեմերէն եկող մտահոգութիւններուն ու առաջադրանքներուն: Թելադրուեցաւ թեմերուն, որ իրենց ներքին դրուածքին ու պայմաններուն համապատասխան դիմեն այնպիսի քայլերու, որոնց-մով կարելի ըլլայ գաղութներուն ներքին միասնականութիւնը ամրապնդել, ժողովուրդին կարիքներուն ընդառաջել, երիտասարդութեան յատուկ կարեւորութիւն տալ, հայ դպրոցը կանգուն պահել եւ մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու տարածման կոչուած եկեղեցւոյ առաքելութեան նոր աշխուժութիւն տալ:
2. Կրօնական ու հայեցի դաստիարակութիւնը միշտ նկատել առաջնահերթութիւն: Այս ուղղութեամբ մեր թեմերուն կողմէ կատարուող աշխատանքները գնահատելի են: Սակայն, հարկ է վերատեսութեան ենթարկել ցարդ որդեգրուած մօտեցումները, մեթոտներն ու առաջնահերթութիւնները, որպէսզի մարդակերտումի ու հայակերտումի աշխատանքը դառնայ աւելի ազդու ու գրաւիչ:
3. Հարկ է յատուկ կարեւորութիւն ընծայել երիտասարդութեան, որովհետեւ անիկա կը կազմէ մեր ազգին ու եկեղեցւոյ կեանքին առանցքը: Այնպիսի ծրագիրներ հարկ է մշակել երիտասարդութեան համար, որոնք ըլլան համահունչ մեր արժէքներուն ու մեզ շրջապատող պայմաններուն: Այս ծիրէն ներս շեշտուեցաւ ՀԵՀՈՄը վերակազմակերպելու ու նախկին ՀԵՀՈՄականները գործի լծելու կարեւորութիւնը:
4. Մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս մօտէն հետեւիլ հոգեւոր շարժումներու գործունէութեան՝ զանոնք մեր եկեղեցւոյ անմիջական հովանիին տակ պահելով, եւ ընդհանրապէս քաջալերելով հոգեւոր արժէքներու տարածումը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:
5. Շուրջ տասնհինգ տարիներ առաջ ընթացք ստացած Աստուածաշունչի՝ արեւմտահայերէնի թարգմանական աշխատանքը արագացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ մօտ ապագային Աստուածաշունչի ամբողջական հրատարակութիւնը իրագործել մեր Ս. Աթոռին կողմէ:
6. Դպրեվանքը մեր Աթոռի կեանքին ու առաքելութեան կիզակէտն է: Անհրաժեշտ է Դպրեվանքի կրթական ծրագիրը վերատեսութեան ենթարկել եւ նոր ուսանողներ ունենալ նաեւ Միջին Արեւելեան այլ երկիրներէն ու Հիւսիսային Ամերիկայէն:
7. Վերջին հինգ տարիներուն Դպրեվանքէն անջատուելով՝ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հաստատուած էր քահանայից պատրաստութեան յատուկ դասընթացքը: Հետեւողական աշխատանք տանիլ թեմերէն նոր թեկնածուներ ունենալու, որպէսզի կարելի ըլլայ երիտասարդ քահանաներու պատրաստութեամբ հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան նոր թափ տալ:
8. Միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւնը կը մնայ մեր Ս. Աթոռին առաքելութեան կարեւոր տարածքներէն մէկը: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը միջազգային համագումարներուն, միաժամանակ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցող շրջանային ու միջազգային միջկրօնական ու միջեկեղեցական հանդիպումները կրնան մեծապէս նպաստել մեր եկեղեցւոյ վարկին ու մեր ազգային պահանջատիրութեան:
9. Հայ Աւետարանական ու Կաթողիկէ եկեղեցիներուն հետ մեր Ս. Աթոռին յարաբերութիւնը կը նկատենք կենսական: Յատկապէս համահայկական ծրագիրներու ու նպատակներու ծիրէն ներս հարկ է միասնական ոգիով ամբողջական համագործակցութիւն հաստատել կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներուն հետ՝ նո՛յնը սպասելով անոնցմէ:
10. Ազգային պահանջատիրութիւնը մեր Ս. Աթոռին առաքելութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկն է: Վերջերս տեղի ունեցած միջազգային համագումարը կը նկատենք կարեւոր իրագործում մը այս ծիրէն ներս: Անհրաժեշտ է այդ համագումարին առաջադրութիւններու լոյսին տակ վերանորոգ թափով շարունակել մեր աշխատանքը:
11. Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը համահայկական առաջնահերթութիւն մըն է: Պէտք չէ բաւարարուիլ զգացական ու ժամանակաւոր բնոյթ ունեցող ծրագիրներով: Անհրաժեշտ է հետապնդել խորք ու նպատակ ունեցող եւ նոր հունաւորումներ ու հորիզոններ բացող ծրագիրներ՝ յատկապէս շեշտելով համահայկական մտածողութեան մշակումը:
12. Հայ եկեղեցւոյ երկու Կաթողիկոսական աթոռներու՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան ու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, միջեւ համապարփակ ու սերտ գործակցութիւնը մեր Ս. Աթոռին համար միշտ կը մնայ առաջնահերթութիւն: Վերջին տարիներուն այս ուղղութեամբ գործնական քայլեր առնուեցան մանաւանդ հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան ծիրէն ներս: Անհրաժեշտ է վերանորոգ աշխուժութեամբ շարունակել այս գործընթացը: Մեր եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը, անոր միասնականութեան ամրապնդումը ու առաքելութեան վերակազմակերպումը անյետաձգելի հրամայականներ են:
13. Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Ղարաբաղի մէջ «Նոր Կիլիկիա» գիւղի շինութեան տասը տուներու կառուցման առաջին հանգրուանը իրագործուած է: Պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Մայիսին: Մեր Ս. Աթոռին թեմերը մասնակից են յիշեալ ծրագիրի իրագործման: Որոշուեցաւ շարունակել այս ծրագիրը, որպէս գործնական արտայայտութիւն Ղարաբաղի անկախութեան ամրապնդման գծով մեր ունեցած յանձնառութեան:
14. Նահանջի մէջ գտնուող արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար դարձած է կարեւոր մտահոգութիւն: Անցեալ ամառ Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած կրթական համագումարը առաջարկեց Հայ լեզուի պաշտպանութեան խորհուրդի մը կազմութիւնը՝ վեհափառին գլխաւորութեամբ: Խորհուրդին կորիզը արդէն կազմուած է եւ շուտով անոր աշխատանքային ծրագիրը պիտի յայտարարուի:
15. Սփիւռքի գաղութներէն ներս մեր ունեցած մարդուժի արձանագրութիւնը անյետաձգելի պահանջք մըն է: Այս յոյժ կարեւոր գործին լծուած է մեր Ս. Աթոռը՝ իր թեմերուն մասնակցութեամբ: Այս ծրագիրին իրագործումը արագացնելու համար ճշդուեցաւ յատուկ գործընթաց մը:
16. Նկատի ունենալով որ Լիբանանի միւս համայնքները սկսած են արտերկրի լիբանանցիներու արձանագրութեան, անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ նոյն գործին լծուին նաեւ մեր թեմերը՝ գործակցութեամբ գաղութներէն ներս գործող քոյր կազմակերպութիւններու: Յիշեալ ծրագիրը կարեւոր է Լիբանանի հայութեան համար՝ համայնքային ու քաղաքական իմաստով:
17. Թեմական մարմիններու անուններուն շուրջ ներդաշնակութիւն ստեղծելու մտահոգութենէն մղուած՝ որոշուեցաւ գործադիր մարմինները կոչել Ազգ. վարչութիւն, իսկ օրէնսդիր մարմինները՝ Ազգ. երեսփոխանական ժողով: Իրանի երեք թեմերու պարագային յատուկ կարգադրութիւն մը եղաւ՝ նկատի ունենալով տեղական լեզուին առնչուած որոշ մտահոգութիւններ: Նաեւ որոշուեցաւ հիմնական սկզբունքներու գծով թեմերու կանոնագրութիւններուն միջեւ ներդաշնակութիւն ու միօրինակութիւն ստեղծել:
18. Ցեղասպանութեան 100ամեակի գծով որոշուեցաւ Կաթողիկոսութեան թէ թեմական մակարդակի վրայ ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւն բերել համահայկական բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Կաթողիկոսարանի նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ձեռնարկները.
Հայրապետական Կոնդակ, Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոն, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ յուշամատեաններու ամբողջական շարքի հրատարակութիւն, Պիքֆայայի յուշարձանի վերանորոգում եւ շրջապատի բարեզարդում, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քաթալոկի հրատարակութիւն, Անթիլիասի Նահատակաց մատրան վերանորոգում, Ցեղասպանութեան միջազգային համագումարի կազմակերպում, Կիլիկիոյ մէջ ազգապատկան եւ ապա անհատական կալուածներու ցանկագրում, Ուխտագնացութիւն՝ կազմակերպուած թեմերուն կողմէ դէպի Անթիլիաս, Տէր Զօր եւ Հայաստան, Միւռոնօրհնէք Տէր Զօրի մէջ (2015), Պիքֆայայի յուշարձանին շուրջ համերգ, Յուշագիր՝ պետութիւններուն, եկեղեցիներուն, այլ կրօններու ղեկավարներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն:
19. Մեր բոլոր թեմերը ու կառոյցները նիւթական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Կաթողիկոսարանի ընթացիկ պիւտճէն շուրջ 1,700,000 տոլար է, որուն 1/3ը բաց է: Ամէն ճիգ հարկ է թափել թէ՛ բարերարներու ճամբով եւ թէ եկամտաբեր աղբիւրներու որոնումով՝ ինքնաբաւ դառնալու համար:
20. Ազգ. ընդհանուր ժողովի թուական ճշդուեցաւ Մայիս 2013ը:
21. Միաբանական հանդիպումին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ միաբանական կեանքի հոգեւոր, մտաւոր ու ծառայական երեսներուն յատուկ կարեւորութիւն տալու հրամայականը: Վեհափառին կողմէ նշանակուեցան հետեւեալ յանձնախումբերը. Տնօրէն ժողով՝ Կորիւն արք. Պապեան, Նորայր եպս. Աշըգեան, Մասիս վրդ. Զօպույեան, Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան եւ Ղեւոնդ վրդ. Բենդէզեան: Միաբանական ու ծիսական կեանքէն ներս ներդաշնակութիւն ստեղծելու կոչուած ուղեցոյցի պատրաստութեան համար՝ Սուրէն արք. Գաթարոյեան, Կոմիտաս արք. Օհանեան, Օշական արք. Չոլոյեան, Տիրայր արք. Փանոսեան, Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան: Միաբանական համագումարի եւ Քահանայից համագումարի (2014) պատրաստութեան համար՝ Կոմիտաս արք. Օհանեան, Խաժակ արք. Յակոբեան, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Շահան եպս. Սարգիսեան, Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան եւ Մասիս վրդ. Զօպույեան: