
Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Եթէ ձեր առօրեան շատ զբաղ ու ճնշուած է, ու պարտաւորուած էք եփելու եւ ճաշաման սարքելու, դիւրին ու գործնական, բայց միաժամանակ երեխաներուն կողմէ ընդունելութիւն գտած ուտելիքներ պատրաստեցէք կամ գնեցէք՝ հետեւելով այս ցանկին…
– Կանաչ տերեւներով կանաչեղէններ: Ասոնք այն կանաչեղէններն են, որոնք առողջարար ուտելիքներու ցանկին վրայ կը գտնուին ու շատ հարուստ են կենսանիւթերով, ինչպէս՝ A, C, K: Շոմինով աղցան պատարաստեցէք, ձեր փաթթոցներուն մէջ անպայմանօրէն հազար դրէք ու երբեմն նաեւ առաւօտեան պատրաստած պտուղներու «սմութի»ին մէջ կանաչեղէններ դրէք:
– Պանան գնեցէք: Տան մէջ անոր գոյութիւնը, ձեւով մը, առողջութեան իմաստով մտահոգութեան նուազեցում կը նշանակէ: Ան շատ հարուստ է փոթասիումով. երեխաները սովորաբար կը սիրեն պանան, զոր փոխադրելը տունէն դպրոց կամ այլ վայր նաեւ շատ հեշտ է:
– Քաղցր գետնախնձոր: Նաեւ այս բանջարեղէնը չափազանց հարուստ է փոթասիումով, ինչպէս նաեւ՝ A եւ C կենսանիւթերով:
– Անհաւատալի հաւկիթը: Հարուստ է սպիտակուցով (protein). նաեւ հարուստ է օմէկա-երեք եւ DHA նիւթով ու որոշ քիմիական նիւթերով, որոնք ջղային համակարգի աշխատանքի աշխուժացում կը պարգեւեն:
– Արեւելեան «համմոս»ը: Համեղ եւ սպիտակուցի հրաշալի հանք է: Բոլոր տարիքներուն համար կարեւոր է այս ուտելիքը: Նախընտրելի է որ դուք տնային պայմաններով խաշէք ու պատրաստէք սիսեռը, այնուամենայնիւ, կարելի է պահածոն օգտագործել:
– Պիստակեղէններ եւ կուտեր: Չոր միրգերու հետ միասին, կրնաք այս պիստակեղէնները որպէս օգտակար պատառիկներ դնել ձեր երեխաներու սակառին կամ ճաշամանին մէջ:
– Պահածոյ սալմըն: Անիկա Օմէկա-երեք, DHA նիւթը ու այլ կարեւոր սննդագիտական նիւթեր կը պարունակէ, նաեւ հարուստ է սպիտակուցով եւ D կենսանիւթով:
– Թեփով սեւ հաց,
– Մածուն,
– Լուբիաներ եւ նաեւ ոլոռն: Ասոնք կը պարունակեն սպիտակուց: Լուբիաները դիւրին պատրաստուելիք ուտելիքներ են՝ հարուստ սպիտակուցով եւ բնաթելով:
Ահաւասիկ կրնաք քիչ մը հանգստանալ…
——————————————————————————————————————————————————
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Լիմոնով Հաւ Եւ Գետնախնձոր
Համեղ, լաւ կարմրած հաւ ու գետնախնձոր՝ շրջապատուած լիմոնի թացանով: Այս բոլորը բաւական լաւ կը հնչեն եւ մանաւանդ եթէ իմանաք, թէ կարելի է զայն պատրաստել նոյնիսկ շաբթուան մէջ, երբ գործէն դարձած էք ու շատ ժամանակ չունիք: Շատ դիւրին է, համեղ ու ներկայանալի տեսքով: Փորձեցէք իրականացնել այս խոհագիրը:
Բաղադրութիւն
2 բաունտ հաւու տոտիկիներու վերի մասը՝ առանց մորթի ու կտրուած
2 հատ լիմոն
3 խոշոր պճեղ սխտոր
1 ապուրի դգալ սրճագոյն շաքար
1 1/2 բաունտ կարմիր գետնախնձոր
Քանի մը ճիւղ թարմ վայրի ծոթրին (Thyme)
1 գաւաթ խաշած հաւու ջուր
1 ապուրի դգալ «Տիժօն» տեսակի մանանեխ
1 ապուրի դգալ ալիւր
3 ապուրի դգալ ձիթաիւղ
աղ եւ պղպեղ՝ ըստ ճաշակի
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցուցէք 450 աստիճան:
Հաւու կտորները երկայնքին երկու մասի բաժնեցէք ու լաւ ցամքեցուցէք: Ապա խորունկ ամանի մը մէջ դրէք ու վրան աւելցուցէք ծեծուած սխտորը եւ երկու լիմոնի հիւթը, ապա անոր վրայ ցանեցէք սրճագոյն շաքարը, լաւ դարձուցէք ու վրան ցանեցէք 1/2 թէյի դգալ աղ: Պատրաստուած հաւու կտորները իրենց պնակով սառնարանը դրէք շուրջ տասը վայրկեան:
Այս միջոցին գետնախնձորները պատրաստեցէք՝ բարակ կլոր շերտերու վերածելով. անոնց վրայ թեթեւ ձիթաիւղ ցանեցէք, ինչպէս նաեւ՝ աղ եւ սեւ պղպեղ: Գետնախնձորները զետեղեցէք փուռի միջակ չափի իւղուած ափսէի մը մէջ: Փուռին մէջ եփեցէք մօտաւորապէս 15 վայրկեան:
Մինչ գետնախնձորը կարմրի, հաւու կտորները սառնարանէն դուրս բերէք եւ ցամքեցուցէք եթէ որեւէ խոնաւութիւն զգաք: Այս մէկը կ՛օգնէ, որ հաւու կտորները լաւ կարմրին եւ իրարմէ չանջատուին: Տաքցուցէք տապակին յատակը միայն ծածկող ձէթը՝ հաւու կտորներուն համար: Տաքցած ձէթին մէջ դրէք կտորները, որպէսզի թեթեւօրէն տապկուին մինչեւ ոսկեգոյն դառնալը: Ուշադիր եղէք, երբ կը տապկէք հաւուն կտորները, երբե՛ք մի շարժէք զանոնք, որպէսզի չայլակերպուին: Նաեւ խիտ մի դնէք հաւուն կտորները, որպէսզի կտորները լաւ գոյն ստանան եւ շատ ջուրի չվերածուին:
Ալիւրը դրէք փոքր խորունկ ամանի մը մէջ, խառնեցէք հաւու ջուրի փոքր բաժինով մը, մինչեւ կատարեալ լուծուիլը եւ ապա աւելցուցէք մնացած ջուրը եւ մանանեխը ու խառնեցէք:
Ժամը հասաւ գետնախնձորին, որ դուրս բերէք փուռէն. միւս կողմէ՝ հաւու կտորները պարպեցէք հաւու ջուրի խոյսին վրայ, ապա նաեւ՝ գետնախնձորները, ու ջանացէք հաւը պահել երեսը ու վրան ցանել վայրի ծոթրինը:
Մէկ լիմոն բարակ շերտեցէք ու զետեղեցէք հաւու կտորներուն մէջ: Մնացեալ լիմոնի հիւթը տարածեցէք հաւուն եւ գետնախնձորին վրայ հաւասարապէս:
Կրկին փուռ մտցուցէք եւ ձգեցէք որ 20 վայրկեան կրկին եփի, մինչեւ խոյսին թանձրանալը եւ պղպջակներուն գոյացումը: Փուռէն հանելէ ետք համը ստուգեցէք. հաւանաբար կարիքը ունենայ աղի, պղպեղի կամ լիմոնի. զանոնք աւելցնելով՝ դէպի սեղան առաջնորդեցէք: