ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին ու անոր Աջին նկատմամբ պաշտամունքի հասնող յարգանքն ու երկիւղածութիւնը, արտայայտութիւնն են մեր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքին ու սիրոյն, հանդէպ այն անձին, որ ի գին անտանելի չարչարանքներու, յանձն առաւ քրիստոնէական լոյսը տարածել մեր հեթանոս ազգին վրայ:
Դարերու ընթացքին, համաքրիստոնէական սուրբերու շարքին պատիւներու արժանացած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, իբրեւ մեծագոյն սուրբը հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, մնայուն ներկայութիւն եղաւ մեր ազգի կեանքին մէջ, իր Սուրբ Աջին շնորհիւ: Շօշափելի այս ներկայութիւնը այնպիսի մագնիսական ուժ ունի, որ հեռաւորն ու մերձաւորը, խոր հաւատացեալը թէ՝ միայն մասնաւոր առիթներով եկեղեցւոյ կեանքին մասնակից դարձող հայը, կրօնաւորն ու աշխարհականը, գիտնականն ու շինականը, գրագէտն ու անուսը կը դարձնէ միազանգ, ամէնքը խմորելով լուսաւորչավառ կանթեղին անտակ ամանը լեցնող հաւատքին իւղով:
Բայց ի՞նչ է այդ Աջին «բաղադրութիւնը»: Ոսկորի մասնիկ, աջաձեւ մասնատուփի մէջ, ոսկիի որոշ կշիռքով պատրաստուած, հայկական կիրառական արուեստին համապատասխան խորհրդանշաններու օգտագործումով: Մանրամասնութիւններ, սակայն, որոնք միայն նիւթական արժեչափը կը կազմեն շօշափելի այն ներկայութեան, որուն փոխանցած ուժը, տուած մղումը, ազդած երկիւղածութիւնը եւ պատճառած սոսկումը ընդմիշտ պիտի մնան անբացատրելի, հաւատքով թէ տրամաբանութեամբ մօտեցող իւրաքանչիւր հայ մարդու համար:

Լուսաւորչի Սուրբ Աջին օգտագործումը Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեանց ընթացքին, կամ անոր զետեղումը Ս. Խորանին վրայ կաթողիկոսական օծումներու առիթով, ընդունուած են հայ եկեղեցւոյ աւանդական օրէնքով: Ժամանակակից պատմութեան ընթացքին ալ, 1930 թուականէն ի վեր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ հաստատուած «Ուխտի Օր»ը Անթիլիասի Մայրավանքին յատուկ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն ի Վիրապի տօնին, դարձեալ պատճառ դարձաւ, որ Ս. Աջը հայրապետական գանձատունէն դուրս գայ եւ ժողովուրդի պաշտամունքին առարկան հանդիսանայ, թարմացնելով հայ ազգին հաւատքը: Սակայն, դարերէն եկող ա՛յլ առիթ եւս կար, երբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը դուրս կը բերուէր Սսոյ գանձատունէն, այս անգամ՝ անոր ափը օգտագործելու համար…:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վշտակիր կաթողիկոս՝ երանաշնորհ ՏՏ Սահակ Բ. Խապայեան վեհափառ, իր յուշերուն մէջ ունի, բազմաթիւ էջեր որոնք տեղեկագիրի արժէք կը ներկայացնեն, եւ անզուգական են, իբր նորօծ հայրապետ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ստանձնելէ ետք Ս. Աթոռին իրավիճակը իրապաշտօրէն պատմելու առումով:
Դարերէն ժառանգուած սրբազան մասունքները, զգեստներն ու անօթները սերունդէ սերունդ փոխանցելու աւանդութիւնը, նուիրական պարտականութիւնն է իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ, հայրերու կտակը պահպանելով, զայն յաջորդներուն աւանդելու գիտակից արարքով այնքան արժէքաւոր:
Սահակ կաթողիկոս կը գրէ, թէ իր նախորդը՝ երանաշնորհ ՏՏ Մկրտիչ Քէֆսիզեան կաթողիկոս, 1872 Յունուար 1ին, Կիլիկեան Ս. Աթոռի աւագ լուսարար կը կարգէ Պետրոս եպս. Սարաճեանը (ապա կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ): Սահակ վեհափառ արտագրած է այն վաւերագիրը, որուն տակ ստորագրած է Պետրոս եպիսկոպոս, եւ մատանիով ալ կնքած է վաւերաթուղթը: Նոյն էջին տակ, Պետրոս սրբազանի կնիքին կողքին, իրենց ստորագրութիւնը դրած են նաեւ Յակոբ վրդ. Տէօվլէթեան, Յովհաննէս վրդ. Գազանճեան, Յոհան վրդ. եւ Սահակ վրդ. իբրեւ վկաներ, թէ՝ Պետրոս սրբազան ցուցակին մէջ յիշատակուած իրերը ստանձնեց, որպէս Ս. Աթոռի նոր աւագ լուսարարը: Ապա, այն ինչ որ «սոսկալի արարողութիւն» կը կոչուի, գանձատան բանալիներու ստացումի պահն է: Ըստ ընկալեալ դարաւոր սովորութեան, Մկրտիչ Քէֆսիզեան կաթողիկոս դուրս կը բերէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը, եւ անոր ափը դէպի վեր դարձնելով, անոր մէջ կը դնէ կաթողիկոսարանի գանձատան բանալիները, հրաւիրելով, որ Պետրոս սրբազան վկաներու ներկայութեան, Ս. Լուսաւորչի ափին մէջէն վերցնէ զանոնք:
«Սոսկալի արարողութիւն», այո՛, երբ դարուց դար հասած նուիրական սրբութեանց, երկնային գնահատանքի արժանացած անձերու մասունքներուն եւ այլ սրբազան իրեղէններու պահպանութեան պաշտօնը պիտի յանձնուի հողեղէն մարդու: Հաւատքի խոր արտայայտութիւն է սա, թէ՛ յանձնողին, եւ թէ ստանձնողին համար, որու արարողութեան սոսկումը կը թափանցէ մինչեւ խորը՝ իւրաքանչիւր հաւատացեալ մարդու հոգիին:

Սուրբ Լուսաւորչի ափով իրագործուող այս «սոսկալի արարողութիւն»ը պատասխանատուութեան կը կանչէ ամէն մէկ հայ մարդ, որպէսզի զօրացնէ իր հաւատքը հանդէպ նուիրական Սուրբ Աջին, որ այսօր կը շարունակէ մնալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին հսկողութեան ներքեւ պահուող եւ մեր հայրերուն կտակած ամէնէն սրբազան աւանդը:
Ամէն տարի, Մուտն ի վիրապի» տօնին, ոսկեայ Ս. Աջը կը ծփայ՝ հաւատացեալներու դէպի իրեն մեկնուած ձեռքերուն օրհնութիւն բաշխելով: Իսկ անոր ափին զօրութի՜ւնը, ուր կեդրոնացած է Կիլիկեան Ս. Աթոռին հեղինակութիւնը, յաւիտեան պիտի պահէ իր վեհութիւնը, որուն մէջէն վերցնելով կաթողիկոսարանի գանձատան բանալիները, դարերու աւանդին տիրութիւն ըրած են մեր երանաշնորհ հայրապետները եւ բարեյիշատակ միաբան հայրերը:
Սուրբ Աջին ափը մի՛շտ բաց է օրհնութիւն բաշխելու եւ իշխանութիւն տալու: Սակայն ե՛ւ օրհնութիւնը ե՛ւ իշխանութիւնը սոսկում կը յառաջացնեն զայնս ստացող անձերու հոգիներուն մէջ: Ոսկեփայլ ճառագայթներուն հետ, Սուրբ Աջը իր սրբութենէն սրբութիւն կը բաշխէ միշտ աննուազ մնալով: Իսկ իր երկնային վեհութեամբ՝ կ՛առինքնէ համայն հայութեան հաւաքական սիրտը:
Աջը իր ափը դարձեալ կը բանայ «Ուխտի Օր»ուան առիթով: Մօտեցի՛ր, ու ստացի՛ր բաշխուած օրհնութիւնը եւ ստանձնէ հաւատքդ զօրացնելու աջաշնորհ իշխանութիւնը: