ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Իւրաքանչիւր անցնող օրուան հետ կը բացայայտուի Թուրքիոյ վատ վարքագիծը քօղարկելու՝ Օպամայի վարչակազմին ամօթալի նոր դաւադրութիւնները:
Վերջին խայտառակութիւնը կապուած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան քօղարկուած փորձին հետ՝ Միջազգային կրօնի ազատութեան հարցով Ամերիկայի յանձնաժողովի (USCIRF) զեկոյցին բովանդակութիւնը փոխելու վերաբերեալ: Զեկոյցին մէջ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը դատապարտուէր քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու կրօնական իրաւունքները ոտնահարելուն համար: Յանձնաժողովը ԱՄՆ Քոնկրեսին կողմէ հիմնուած անկախ, երկկուսակցական ու դաշնակցային մարմին մըն է, որ կրնայ «առաջարկներ ընել կրօնական ազատութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ՝ զերծ մնալով արտաքին քաղաքականութեան նկատառումներէն», ըստ յանձնաժողովի անդամներէն մէկուն:
Մարտ 20ին յանձնաժողովը հրապարակեց մեծածաւալ զեկոյց մը, որուն մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրուին «թրքական կառավարութեան կողմէ կրօնի կամ հաւատքի ազատութեան նկատմամբ կիրառուող շարունակական եւ արտասովոր սահմանափակումները, որոնք բացասական անդրադարձ ունին Թուրքիոյ բոլոր կրօնական համայնքներուն վրայ եւ յատկապէս կը սպառնան երկիրի ոչ-իսլամ կրօնական փոքրամասնութիւններուն»:
Նոյն զեկոյցով կ՛առաջարկուի, որ Ամերիկայի կառավարութիւնը Թուրքիան ճանչնայ իբրեւ կրօնական ազատութիւնը ոտնահարող 16 վատագոյն պետութիւններէն մէկը՝ Պուրմայի, Չինաստանի, Եգիպտոսի, Էրիթրիոյ, Իրանի, Իրաքի, Նիճերիոյ, Հիւսիսային Քորէայի, Փաքիստանի, Սէուտական Արապիոյ, Սուտանի, Տաճիկիստանի, Թիւրքմէնիստանի, Իւզպեքիստանի եւ Վիեթնամի հետ միասին:
Յանձնաժողովին առաջարկով՝ Թուրքիան կտրականապէս զիջեցաւ իր տեղը «վերահսկուող» երկիրներու ցուցակէն եւ անցաւ 16 «Յատուկ մտահոգութեանց առարկայ երկիրներ»ու (CPS) սեւ ցուցակը:
Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, թուրք պաշտօնատարները դիմեցին իրենց սովորական անարգական քարոզարշաւին՝ ժխտելով Յանձնաժողովին հրապարակած արդիւնքները: Առաւել անհանգստացնող էին ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան թրքասէրներու նենգ գործողութիւնները: Յանձնաժողովին ինը անդամներէն մէկը՝ Նինա Շէյ, հրապարակած է ահազանգող յօդուած մը, ուր բացայայտած է այն ծածուկ ճնշումները, զորս Օպամայի վարչակազմը կը գործադրէր Յանձնաժողովին վրայ՝ Թուրքիոյ դատապարտումը մեղմացնելու համար:
Տիկին Շէյ, Ամերիկայի հզօրագոյն «Նեշընըլ Ռիվիու» պարբերաթերթի իր յօդուածին մէջ յայտնած է, որ արտաքին գործոց նախարարի Մարդու իրաւունքներու հարցերով օգնական Մայքըլ Փոսնըր, Օպամայի կողմէ նշանակուած յիշեալ Յանձնաժողովի մէկ անդամին կողմէ տեղեկանալով, որ Յանձնաժողովը 5 կողմ եւ 4 դէմ ձայներով որոշած է իր տարեկան զեկոյցին մէջ Թուրքիան ընդգրկել սեւ ցուցակին մէջ՝ ստիպած է յանձնաժողովի մէկ այլ անդամին, որ փոխէ իր դիրքորոշումը՝ յօգուտ Թուրքիոյ: Մինչ այդ, զեկոյցը արդէն հրապարակուած էր, եւ շատ ուշ էր փոխելու համար Յանձնաժողովին առաջարկը, ուր Թուրքիան կը նշուի իբրեւ կրօնական ազատութեան հիմնական ոտնահարող: Ինչպէս կը պահանջուէր, զեկոյցը ներկայացուած էր նախագահ Օպամային, ԱՄՆ արտ. գործոց նախարար Քլինթընին եւ Քոնկրեսի ղեկավարներուն:
Հետագային պարզուեցաւ, որ Ուաշինկթընի մէջ Քըրքլենտի Նորթուեսթ համալսարանի նախագահ Տան Արկուն, յանձնաժողովի այն անդամն էր, որուն ստիպած էին փոխել Թուրքիոյ մասին իր դիրքորոշումը: Հետաքրքրականը այն է, որ զեկոյցը հրապարակուելէ երկու օր ետք, Շէյի, Արկուի եւ յանձնաժողովի երեք այլ անդամներու պաշտօնավարման ժամկէտները աւարտեցան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, սուր կերպով արձագանգելով Յանձնաժողովին կողմէ Թուրքիոյ հասցէին հնչած քննադատութեան՝ զեկոյցը ճանցաւ «անվաւեր»: Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամիք Թան զեկոյցը բնութագրեց որպէս՝ «քաղաքական դրդապատճառներով թելադրուած»: Յանձնաժողովի նախագահ Լէոնարտ Լէօ, կարեւորութեան չարժանացուց Թուրքիոյ բողոքները: «Զիս չի հետաքրքրեր, թէ ի՛նչ կը մտածէ (Թուրքիոյ) արտաքին գործոց նախարարը, քանի որ այս զեկոյցը իրեն համար չէ, այլ՝ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան համար է», Լէօ յայտնեց թրքական «Զաման» թերթին:
Ցաւօք սրտի, ԱՄՆ արտ. գործ. նախարարութեան խօսնակը, EurasiaNet.org-ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ շարունակեց քօղարկել Թուրքիոյ վատ վարքագիծը՝ նշելով, որ «ԱՄՆ արտ. գործոց նախարարութիւնը չի սատարեր Թուրքիան CPS-ի սեւ ցուցակին վրայ ներառումին, թէեւ կը կարծէ, որ կրօնական ազատութիւնը խթանելու հարցին մէջ Թուրքիան տակաւին ընելիքներ ունի»:
Յանձնաժողովին զեկոյցը կը ներառէր լուրջ մեղադրանքներու երկար ցանկ մը, որ կը մեղադրէր Թուրքիոյ կառավարութիւնը՝
– «Խիստ կանոնակարգեր» կիրառելու, «կրօնական խումբերու լիիրաւ օրինական կարգավիճակը մերժելու եւ բոլոր կրօնական համայնքներու կրօնական ազատութեանց իրաւունքները խախտելու համար».
– Փոքրամասնութիւններու «կրօնական համայնքներու գործերուն միջամտելու, հասարակական խտրականութեան եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու նկատմամբ պատահական բռնութիւններու, կրօնական հանդերձանքի հարցով սահմանափակումներ կատարելու եւ հակա-սեմիթական քարոզչութեան համար՝ Թուրքիոյ հասարակութեան ու մամուլին մէջ».
– Մերժելու համար «ոչ-մահմետական համայնքներուն հոգեւորականներ կրթելու, կրօնական կրթութիւն մատուցելու եւ պաշտամունքի վայրեր ունենալու ու պահպանելու իրաւունքները».
– «Թուրքիա ապրող կրօնական փոքրամասնութիւններու համայնքներու կենսունակութեան ու գոյատեւման սպառնացող» երկարաժամկէտ քաղաքականութիւն վարելու համար.
– «Յունաց, Հայաստանեայց եւ Անտիոքի ուղղափառ եկեղեցիներուն, Հռոմէական կաթոլիկ եւ Բողոքական եկեղեցիներուն, հրէական համայնքին, ինչպէս նաեւ սիւննի իսլամներու համայնքին եւ երկրի ամենամեծ փոքրամասնութեան՝ ալաուիներու» կրօնական ազատութիւնը սահմանափակելու համար:
Զեկոյցին մէջ հանգմանօրէն կը նկարագրուին հայկական համայնքին նկատմամբ կիրառուող սահմանափակումները՝ ներառեալ նոր հոգեւորականներու պատրաստման դէմ Թուրքիոյ կառավարութեան դրած արգելքն ու անոր միջամտութիւնը «Հայկական Պատրիարքութեան կրօնական առաջնորդութեան ընտրութեանց գործընթացին»:
Յանձնաժողովը առաջարկած է, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը ստիպէ Թուրքիոյ «վերացնել Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածը, որ կը սահմանափակէ միտքի եւ խօսքի ազատութիւնը ու բացասական ազդեցութիւն ունի կրօնքի կամ հաւատքի վրայ»: Զեկոյցը նաեւ կ՛ընդունի, որ «նոյնիսկ 100 տարի առաջ տեղի ունեցած քրիստոնեաներու ցեղասպանութեան վերաբերեալ քննարկում սկսիլը Թուրքիոյ մէջ քրէական յանցանք է»:
Հեգնականօրէն, Հարաւային Քորէայի մէջ Մարտ 26ին Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի հետ հանդիպելէ ետք, նախագահ Օպամա մամուլին յայտնեց. «Ես շնորհաւորեցի վարչապետը՝ Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները պաշտպանելու ուղղուած անոր ջանքերուն համար»: Ամօթալի է այն, որ ԱՄՆի անսկզբունք պաշտօնատարները այսպիսի արհամարհական ձեւով կը վերաբերին յանձնաժողովին տքնաջան հետազօտութեան եւ հիմնաւորուած առաջարկներուն հանդէպ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Յ՞ո Երթաս «Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան» Ամերիկա……………….