
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, թէ ըստ արեւմտեան աղբիւրներու՝ Ատրպէյճան եւ Իսրայէլ արդէն իսկ համաձայնութեան հասած են Իրանի դէմ համատեղ գործողութիւններու հարցով:
Միջազգային դիւանագիտական շրջանակներու մէջ ամենահեղինակաւոր թերթերէն մէկը համարուող ամերիկեան «Foreign Policy» հանդէսը, Չորեքշաբթի, Մարտ 28ին հրապարակած իր յօդուածին մէջ գրած է. «Բարձրաստիճան չորս դիւանագէտներ եւ ռազմական հետախուզութեան սպաներ կը պնդեն, թէ Իսրայէլ հնարաւորութիւն ստացած է օգտուելու Իրանի հիւսիսային սահմանէն ոչ հեռու գտնուող օդակայանէն: Թէ ի՞նչ է անոր նպատակը՝ յայտնի չէ»:
Միաժամանակ, հանդէսը մէջբերած է բարձրաստիճան ամերիկացի պաշտօնատարներէն մէկուն հետեւեալ խօսքը. «Իսրայէլացիները օդուժի խարիսխ մը գնած են եւ զայն կոչած են Ատրպէյճան»:
Ամերիկեան հանդէսը փորձած է այս մասին մեկնաբանութիւններ ստանալ Ուաշինկթընի մօտ Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի դեսպանութիւններէն, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութենէն եւ յատուկ ծառայութիւններէն, բայց դիմումները արդիւնք չեն տուած:
Ատրպէյճանի նախագահի վարչակազմը Հինգշաբթի օր հերքեց «Foreign Policy»ի մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնները՝ միաժամանակ մերժելով քննել հրապարակման մէջ տեղ գտած փաստերը:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական բաժինի ղեկավար Ալի Հասանով պարզապէս նշեց. «Ընդդիմադիր որոշ շրջանակներ եւ արեւմտեան որոշ խումբեր նպատակ ունին վատթարացնել Իրանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները: Իր բոլոր հարեւաններուն հետ՝ բացառութեամբ Հայաստանի, Ատրպէյճան բարիդրացիական յարաբերութիւններ կը պահպանէ»:
Ընդհանուր առմամբ, սակայն, ակնյայտ է, որ «Foreign Policy»ի մէջ յայտնուած տեղեկատուական այս արտահոսքի ետին կը կանգնին ամերիկեան աղբիւրներ, որոնց մեծ ոգեւորութիւն չի պատճառեր Իսրայէլի աշխոյժ գործունէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ:
Ամերիկեան յատուկ ծառայութիւններէն սպայ մը, որուն յանձնարարուած է գնահատել Իրանի դէմ իսրայէլական հաւանական յարձակումի մը հետեւանքները, «Foreign Policy»ին փոխանցած է. «Մենք ուշի ուշով կը հետեւինք, թէ ի՛նչ քայլերու կը դիմէ Իրանը: Այժմ մենք սկսած ենք նաեւ Ատրպէյճանի մէջ Իսրայէլի գործողութիւնները ուսումնասիրելու եւ կրնամ ըսել, թէ անոնք մեզ չեն ուրախացներ»:
Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը նաեւ կը նշէ, թէ իսրայէլեան քայլերը կը բարդացնեն Ուաշինկթընի ջանքերը, որոնց գլխաւոր նպատակն է տկարացնել Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ առկայ լարուածութիւնը:
Դիւանագիտական հանդէսը նաեւ կը տեղեկացէ, թէ Թուրքիան, որ վերջին տարիներուն կտրուկ կերպով նուազեցուցած է Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւններուն մակարդակը, նմանապէս լրջօրէն անհանգստացած է Ատրպէյճանի մէջ հրէական պետութեան ծաւալած պատրաստութիւններուն պատճառով:
«Foreign Policy»ն կը փոխանցէ նաեւ, որ Իսրայէլի ռազմական շրջանակներու քայլերը պատճառ դարձած են, որ Փենթակոն որոշ չափով փոխէ Ատրպէյճանի մէջ իր որդեգրած գործելաոճը:
«Ռազմական մասնագէտները հրաման ստացած են ռազմական գործողութիւններու հաւանական կարելիութիւնները քննելու մասին, ոչ միայն Պարսից ծոցի, այլ նաեւ՝ Կովկասի ընդգրկումով», կը գրէ ամերիկեան հանդէսը՝ աւելցնելով. «Նոյնիսկ Ատրպէյճանէն հնչող հերքումները չեն բացառեր, որ Պաքուն կրնայ ռազմական օժանդակութիւն ցուցաբերել Իսրայէլին՝ Իրանի վրայ յարձակումի պարագային: Ամերիկացի զինուորականներէն մէկը նշած է, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը չ՛արգիլեր իսրայէլական ռազմական օդանաւերուն վայրէջք կատարել իր երկրի տարածքին վրայ՝ Իրանին հարուածներ հասցնելէ ետք: Բացի ատկէ, ամերիկացի սպան չբացառած իսրայէլեան փրկարար ու որոնողական խումբերու տեղակայումը Ատրպէյճանի տարածքին: «Այս բոլորը կրնան Իրանի վրայ Իսրայէլի յարձակումը աւելի դիւրին դարձնել», կը նշեն ամերիկեան աղբիւրներ:
Ընդհանուր առմամբ, «Foreign Policy»ն Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի համագործակցութեան նման կտրուկ սերտացում մը պատահական չի համարեր: Թերթը նաեւ կը մէջբերէ «Ուիքիլիքս»ի կողմէ գաղտնազերծուած փաստաթուղթերէն մէկը, որուն մէջ Ալիեւ ամերիկացի դիւանագէտներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է. «Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները նման են սառցակոյտի մը, որուն միայն 10 տոկոսը տեսանելի է, իսկ մնացած 90ը՝ թաքնուած»: