ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վաղուան օրը ի՞նչ պիտի բերէ մեզի ընդհանրապէս, եւ Երեւանի Մաշտոցի պուրակին մէջ՝ մայրաքաղաքի սիրուն այգիներէն մէկուն պաշտպանութեան համար պայքարող երիտասարդ բնապահպաններուն համար՝ մասնաւորապէս:
Մեզ կը մտահոգէ մէկ կողմէ երիտասարդներու վճռականութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ ոստիկանութեան անկանխատեսելի հակադարձութիւնը:
Արդարեւ, երէկ Հայաստանի ոստիկանութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որ լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուց մեր մէջ:
«Ոստիկանութիւնը լիազօրուած է յայտարարել, որ Մարտի 31ին, ժամը 13:00ին, Մաշտոցի պուրակում նախատեսուող ապամոնտաժման (կազմաքանդման-Խմբ.) գործողութիւնները եւ մասնակիցների պահանջների հարկադրական կենսագործումը չեն պաշտպանւում հաւաքների ազատութեամբ», կ՛ըսէ ոստիկանութեան հաղորդագրութիւնը՝ զգուշացում մըն ալ կցելով անոր եւ սպառնալով. «Նշուած ապօրինի գործողութիւնները կարող են որակուել որպէս իրաւախախտում եւ աոաջացնել օրէնքով սահմանուած պատասխանատուութիւն»:
«Այլ անձանց սահմանադրական իրաւունքները սահմանափակող, այդ թւում՝ սեփականութեան իրաւունքի իրացմանը խոչընդոտող եւ հասարակական կարգի պահպանութեանն ու հասարակական անվտանգութեան ապահովմանը սպառնացող ցանկացած գործողութիւն, դիտուելու է որպէս սահմանուած կարգի խախտում, եւ օրէնքով ամրագրուած հիմքերի առկայութեան դէպքում՝ կը յանգեցնի հարկադրանքի կիրառման», կ՛ըսէ ոստիկանութեան յայտարարութիւնը:
Այսինքն՝ ոստիկանութիւնը Մաշտոցի պուրակի կրպակները կազմաքանդողներն ու անոնց զօրակցողները պիտի նկատէ օրինազանց քաղաքացիներ, եւ ըստ այնմ պիտի վարուի անոնց հետ:
Թէ՛ ոստիկանապետ Վովա Գասպարեանին եւ թէ՛ ժողովրդային որոշ համակրանք շահած երիտասարդ քաղաքապետին՝ Տարօն Մարգարեանի համար, փորձութեան պահ մը պիտի գայ վաղը: Կը յուսանք եւ կ՛ակնկալենք, որ երկու պաշտօնեաներն ալ ամէն գնով խուսափին որեւէ կտրուկ քայլի դիմելէ: