ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Արմէնփրէս».- Եւրոխորհրդարանը, պատգամաւորներու ձայներու մեծամասնութեամբ, Ուրբաթ, Մարտ 30ին վաւերացուցած է Թուրքիոյ առնչուող զեկոյց մը, որուն մէջ կը պահանջուի ճանչնալ ու յարգել երկրին մէջ ապրող բոլոր ազգային փոքրամասնութեանց իրաւունքները: Նաեւ կը պահանջուի երաշխաւորել փոքրամասնութեանց մայրենի լեզուն սորվեու իրաւունքը:
Զեկոյցին մէջ կ՛ըսուի, թէ Թուրքիա պէտք է աշխուժօրէն շարունակէ բանակի եւ դատաիրաւական համակարգի հետ կապուած բոլոր բարեփոխումները, եւ կը շեշտուի, թէ Անգարա պէտք է արտօնէ զինուորականներուն, որ դատուին նաեւ քաղաքացիական դատարաններու մէջ:
Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ խօսքի եւ մամուլի ազատութեան բնագաւառներուն մէջ Թուրքիոյ թերացումներուն:
Իր կարգին, Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց դատապարտած է Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու հետապնդումները, եւ մտահոգութեամբ նշած է, թէ ժողովրդավարութեան բնագաւառէն ներս նահանջ կը նկատուի Թուրքիոյ մէջ:
Շուլց նաեւ նշած է, թէ Թուրքիա պէտք է բարեփոխէ նաեւ իր հակա-ահաբեկչական օրէնքները, որոնց պատճառով այսօր բազմաթիւ գործիչներ բանտերու մէջ են, պարզապէս՝ հասարակական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելու համար: