
ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նախագահի ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտ «անընդունելի» որակած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի քաղաքականութիւնը՝ ըստ թրքական IHA լրատուական գործակալութեան: Հոլանտ աւելցուցած է, թէ Թուրքիա տակաւին չէ ապահոված ժողովրդավարութեան այնպիսի մակարդակ մը, որպէսզի անդամակցի Եւրոմիութեան:
«Թուրքիոյ մէջ ապահովուած չեն կնոջ եւ տղամարդու հաւասարութիւնը, մամուլի եւ կամ արտայայտութեանց ազատութեան իրաւունքը, դատաիրաւական համակարգի բարեփոխումները, ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ կրօնական ազատութիւնները: Անընդունելի է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Անգարայի ժխտողականութիւնը: Թուրքիա չէ լուծած նաեւ Կիպրոսի հիմնախնդիրը», ըսած է ան: