
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն կը տեղեկացնէ, թէ ամէն տարուան նման, այս տարի եւս Ապրիլ 24ին բողոքի ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ, դատապարտելու համար Թուրքիոյ իշխանութեանց կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը:
6300 Wilshire Blvd. հասցէին գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ ցոյցը պիտի սկսի կ.ե. ժամը 4ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:
ՀԵԴն նաեւ փոխադրակառքեր ապահոված է տարբեր շրջաններէ ցուցարարներ հիւպատոսարան հասցնելու նպատակով: Փոխադրակառքերը Փասատինայի եւ Օրենճ գաւառի Հայ կեդրոններէն, ինչպէս նաեւ Հոլիվուտի «Ալէք Փիլիպոս» վարժարանէն ու Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ճամբայ պիտի ելլեն կ.ե. ժամը 2ին:
ՀԵԴի տարբեր մասնաճիւղերը դիմած են Ցեղասպանութեան ոգեկոչման տարբեր նախաձեռնութիւններու, որոնց շարքին են Ապրիլ 15ին կայանալիք «Ռուբէն» ուխտին հաւաքը՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, «Վարագ» ուխտին մոմավառութեամբ հսկումը՝ Պըրպենքի քաղաքապետարանին առջեւ, ինչպէս նաեւ «Ուրացման դէմ հեծելարշաւ»ը, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 29ին, «Սարդարապատ» ուխտին կազմակերպութեամբ: