
ՍԹՈՔՀՈԼՄ, «Արմէնփրէս».- Սթոքհոլմի մէջ գործող «Պոթիքիրաք» ասորական մշակութային կեդրոնը Երեքշաբթի, Մարտ 27ին տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին որոշած է իր տարեկան «Ասորական մշակոյ»չ շքանշանը եւ անոր ընկերակցող նիւթական պարգեւը շնորհել Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած Ռակըպ Զարաքօլուին:
Ասորի գրող Ֆէյազ Քերիմօ ստանձնած է շքանշանն ու նիւթական պարգեւը Զարաքօլուին փոխանցելու պարտականութիւնը: «Պելկէ» հրատարակչութեան տնօրէն Զարաքօլու, ծանօթ է իբրեւ Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց իրաւունքներու պաշտպան. ան այդ թուրք մտաւորականներէն է, որ ճանաչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններէն կը պահանջէ, որ անոնք եւս ընդունին պատմական այդ իրողութիւնը: Ան զանազան գիրքեր հրատարակած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
Յաճախ հալածուած Զարաքօլու վերջին անգամ Պոլսոյ մէջ ձերբակալուեցաւ անցեալ տարուան Նոյեմբեր 1ին, քիւրտ եւ քրտամէջ գործիչներու լայնատարած ձերբակալութեանց ծիրէն ներս, ու ցարդ բանտարկուած կը մնայ, հակառակ զայն ազատ արձակելու միջազգային կոչերուն: