ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելիի այն յայտարարութիւնը, թէ միայն իսլամներուն կը տրուի «նահատակ»ութեան կոչումը, ընդվզումի ու բողոքի ալիք յառաջացուցած է որոշ յառաջապահ շրջանակներէ ներս։ Պահչելի այս մեկնաբանութիւնը ըրած էր քննադատելու համար այն լուրերը, թէ Հրանդ Տինք կրնայ նահատակի կոչում ստանալ:
Փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ դիտել տուաւ, որ ո՛չ իսլամ կրօնքը, ո՛չ արդարութիւնը, ո՛չ ալ մարդուս խղճմտանքը կ՛ընդունին, որ իսլամ զինուորին պարագաներուն շնորհուող իրաւունքները զլացուին ոչ-իսլամ ընտանիքներուն։
Սակայն, մաքսային հարցերու նախարար Հայաթի Եազըճ, պատասխանելով այն հարցումին, թէ, Տինքը պէ՞տք է նահատակ նկատուի՝ ըսած է. «Կը խորհիմ, որ Հրանդ Տինքի մասին նմանօրինակ արժեւորում մը սխալ կ՛ըլլայ, որովհետեւ Տինքի սպանութեան մասին բանավէճը դեռ կը շարունակուի եւ թղթածրարը վճռաբեկ ատեանի մօտ է։ Ես ոչ մէկը կ՛ուզեմ վիրաւորել, բայց Հրանդ Տինքը այս երկրին հայրենակիցն է։ Անոր ալ ապրելու իրաւունքը առաջին կարգի վրայ կու գայ։ Ան կարգ մը անձերու պատրաստած կամ քաջալերած ծրագիրով մը սպաննուեցաւ։ Ես կը կարծեմ, որ ասիկա մեր պատկերացուցած «նահատակութիւն» հասկացողութեան հետ կապ չունի»։
«Հիւրրիյէ»չի մէջ, Ահմետ Հաքան դառնութիւն կ՛արտայայտէ Պահչելիի նկատմամբ։ «Տեւլեթ պէյ, բնաւ մի մտահոգուիք, Հրանդ Տինքը դոյզն իսկ պէտք չունի նահատակութեան կոչումին, արդէն ոչ մէկը ձեզմէ կամ պետութենէն կը սպասէ, որ Հրանդ Տինքը նահատակ հռչակէք։ Ձեզմէ այսպիսի շնորհ մը սպասող չկայ։ Դուք, փոխանակ հարցնելու, թէ Հրանդը նահատակ կրնա՞յ նկատուիլ, պէտք է պահանջէք, որ երեւան հանուի այն հրոսախումբը, որ վատօրէն սպաննեց Հրանդը», կը գրէ Հաքան: